ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԼԵՒՈՆ ԿՍՐԿ. ՔԻՐԷՄԻՏՃԵԱՆԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Լեւոն Կիսասարկաւագ Քիրէմիտճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Լեւոն Կիսասարկաւագ Քիրէմիտճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։
Հայաստանէն նկարիչ Լեւոն Լաճիկեան երէկ ցուցահանդէս մը բացաւ Գնալը կղզիի մէջ։ Սա իր տասներորդ անհատական ցուցահանդէսն է, որու շրջագծով գեղարուեստասէրներուն ներկայացուած են երեսուն գծանկարներ, որոնցմէ տասը կը ցոլացնեն Գնալը կղզիի վերաբերեալ դրուագներ։
Սուրուչի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան կապակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռը յաչս պետութեան պաշտօնապէս վշտակցութիւն յայտնեց։ Այսպէս, երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ցաւակցական մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին։
Իսթանպուլի կուսակալը նախընթաց օր այցելութիւն մը տուաւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց:
Վասիփ Շահին շուրջ մէկուկէս ժամ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց Պետրոս Շիրինօղլուին հետ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ անժամանակ ձեւով յանկարծամահ եղած է մեր եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորներէն Լեւոն Կսրկ. Քիրէմիտճեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական աշխարհի համակրելի անուններէն Գէորգ Դաւիթեան նշանակուած է Իսթանպուլի Պետական օփերայի եւ պալէի տնօրէն, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մօտ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան մեզի յայտնեց, թէ վարձակալ կը փնտռուի Սկիւտարի երբեմնի Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանի շէնքին համար։ Ինչպէս ծանօթ է, տասնամեակներէ ի վեր չի գործեր այս վարժարանը, որու շէնքին սեփականութեան իրաւունքը պաշտօնապէս կը պատկանի Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին։
Համահայկական խաղերուն մասնակցելիք Իսթանպուլի խումբերը այս օրերուն թափով յառաջ կը տանին իրենց նախապատրաստական աշխատանքները։
Տոց. Թորոս Ալճան տեսակցեցաւ փոքրամասնական հաստատութիւններու իրաւաբաններուն հետ:
Սելինա Տողանի մասնակցած քննարկումներուն ընթացքին շօշափուեցան ընտրական խնդիրները:
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն մը:
Յուզումնախառն հանդիսութեան ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ցաւակցեցաւ հարազատներուն: