ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
Պէշիկթաշի հրապարակին վրայ քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ սարքուեցաւ իֆթարի սեղան:
Մուրատ Հազինետարի տանտիրութեամբ մէկտեղուեցան քաղաքիս բազմաթիւ հոգեւոր առաջնորդները:
Պէշիկթաշի հրապարակին վրայ քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ սարքուեցաւ իֆթարի սեղան:
Մուրատ Հազինետարի տանտիրութեամբ մէկտեղուեցան քաղաքիս բազմաթիւ հոգեւոր առաջնորդները:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ մեկնած էր Հայաստան, արդէն վերադարձաւ քաղաքս։ Ուղեւորութեան օրերուն ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ներկայացած է նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։
Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը ամրան եղանակի սկիզբին առթիւ աջակցութիւն ցոյց կու տայ մեր համայնքին:
Մուրատ Հազինետարի տնօրինութեամբ բարեկարգման ծրագրեր կ՚իրականացուին Պատրիարքարանի ամարանոցէն, Կազդուրման կայանէն եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս՝ յառաջիկայ ամիսներու եռուզեռին պատրաստ ըլլալու առաջադրութեամբ:
Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ միջնակարգի շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Այս տարուան միջնակարգի ընթացաւարտները երեկոյթի ընթացքին առարկայ դարձան Էսաեանի ընտանիքի գուրգուրանքին եւ բոլորը անոնց յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին՝ իրենց ապագայ կրթական կեանքին համար։
Գալֆաեան Տան ընտանիքը ոգեւոր հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ տուաւ վարժարանի այս տարուան հունձքին։ Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցած շրջանաւարտութեան հանդէսը համախմբեց Գալֆաեան ընտանիքին պատասխանատուները, այս տարուան ընթացաւարտներն ու իրենց ծնողները։
Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ» պարախումբին ելոյթը։ Պարուսոյց Նաթալին Պոզ-Եըլմազի կողմէ հիմնադրուած այս խումբին տարեկան ներկայացումները հաճելի առիթներու կը վերածուին գեղարուեստասէր հասարակութեան համար։
Մխիթարեանի ընտանիքը երէկ մեծ ջերմութեամբ եւ անմիջականութեամբ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտութիւնը:
Տղաքը հաճելի ժամանց ունեցան Արման Քէօսէի գլխաւորութեամբ գործադրուած յայտագրով, նաեւ նուէրներ ստացան ձեռնարկի կազմակերպիչներուն կողմէ:
Սեբաստահայոց Հայրենակցական միութեան հաւաքատեղիի պաշտօնական բացման արարողութիւնը շաբաթավերջին արժանացաւ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Գուրթուլուշի մէջ շէնքի մը մուտքին հաստատուած է միութեան նոր հաւաքատեղին, որու պաշտօնական բացման ժամանակ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։