ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց խնամակալութիւնը, որու անդամուհիներուն հետ էր նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։