ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔԻ ՄՐՑՈՅԹԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԻ 20-ՐԴ ԱՆԳԱՄ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս տարի քսաներորդ անգամ կը կազմակերպուի Միջմիութենական գիտելիքի մրցոյթը։ Կազմակերպչական պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Պոմոնթիի Մխիթարեան սանուց միութիւնը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին պատուեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած էր «ԺԱՄԱՆԱԿ 100» մատենաշարէն լոյս տեսած առաջին երեք գիրքերուն համատեղ շնորհանդէսը՝ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Արեւագալի ժամերգութեան։ Սա Մեծ պահոց շրջանի երրորդ Արեւագալի արարողութիւնն էր Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։