ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐԸ
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ շաբաթավերջին Մայրերու օրուան առթիւ տեղի ունեցաւ եզակի հանդիսութիւն մը։ Այսպէս, մանկապարտէզի փոքրիկները անմոռանալի օր մը պարգեւեցին իրենց մայրերուն։