ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ
Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ դպրաց դասու հիմնադրութեան 312-րդ եւ Սահակեան երգչախումբի կազմաւորման 77-րդ կրկնակ տարեդարձները փայլուն անցան:
Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ Օհանեան հանդիսապետեց կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն, որոնք վերածուեցան իսկական տօնախմբութեան:
Գալֆաեան տան մէջ վերջերս հանդէս մը տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց օրուան առթիւ։ Օրուան յայտագրին շրջագծով վարժարանի սաները հանդէս եկան զանազան ելոյթներով, զորսձօնեցին իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան 64-րդ կառավարութեան իր գլխաւորութեամբ ձեւաւորման կապակցութեամբ։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց օրուան հանդիսութիւն մը։