ՇՈՒՇԱՆԻԿ ՄՈՒՐԱՏԽԱՆԵԱՆԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Մայրիկէն նուէր ստացած ջութակին հետ, արդէն ութ տարիէ ի վեր, 20-ամեայ Շուշանիկ Մուրատխանեան անբաժան է։ Ջութակը իր հետ միասին շրջած է Հայաստանով եւ աշխարհով մէկ՝ մասնակցելով տարբեր մրցոյթներու եւ փառատօններու:
Մայրիկէն նուէր ստացած ջութակին հետ, արդէն ութ տարիէ ի վեր, 20-ամեայ Շուշանիկ Մուրատխանեան անբաժան է։ Ջութակը իր հետ միասին շրջած է Հայաստանով եւ աշխարհով մէկ՝ մասնակցելով տարբեր մրցոյթներու եւ փառատօններու:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան ժամ մը տեսակցեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ:
Անգարա անհանգիստ է ՓՔՔ-ի նկատմամբ որդեգրուած դիրքորոշումէն եւ կ՚ակնկալէ, որ Պերլին քայլ մը առնէ խոյս տուած ՖԵԹԷՕ-ականներու արտայանձնման ուղղութեամբ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն այս շաբաթավերջին պիտի գայ Թուրքիա։ Կիրակի, 9 Յուլիսին, Իսթանպուլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Համաշխարհային նաւթի համաժողովը։ Ամերիկացի պետական քարտուղարն ալ պիտի գտնուի այս հաւաքի մասնակիցներու շարքին։
Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպէր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Յառաջիկայ շրջանին ան պիտի աւարտէ իր առաքելութիւնը եւ իրականութեան մէջ Հայաստանի ղեկավարութեան հրաժեշտ տալու համար մեկնած էր Երեւան, սակայն քանի որ իր շփումները Արցախի ճակատի հերթական լարուածութեան օրերուն համընկնեցան՝ քննարկումները կեդրոնացան այդ հարցին վրայ։
Եւրոխորհրդարանը կոչ ուղղեց՝ որպէսզի անդամակցութեան բանակցութիւնները կասեցուին Թուրքիոյ հետ:
Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Սթրազպուրկի մէջ առնուած որոշման դէմ:
Արցախի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ «Ապագայ սերունդներու հիմնադրամ»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ՝ Յուլիսի 1-ին Շուշիի մէջ սկսած է «Յակոբ Կիւրճեան» քանդակագործութեան 5-րդ միջազգային կոչունքը (symposium):
Համպուրկի մէջ վաղը պիտի սկսի Մեծն քսանեակի (G-20) գագաթաժողովը։ Միջազգային այս կարեւոր հաւաքոյթին կը մասնակցի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։ Գերմանական աղբիւրներու հաղորդումներով, G-20-ի գագաթաժողովի բացման ընդառաջ, այսօր, առանձին հանդիպում մը տեղի կրնայ ունենալ Էրտողանի եւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի միջեւ։
Արցախի ճակատին վրայ կը շարունակուին մտահոգիչ իրադարձութիւնները։ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ վերջին օրերուն դարձեալ լարուածութիւնը բարձրացած է աննախընթացօրէն։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Լոյսը խաւարի մէջ» պատկերագրքի շնորհանդէսը։ Այս գիրքին մէջ տեղ գտած են լիբանանահայ փորձառու լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանի եւ Երեւանի Պետական համալսարանի ուսանողներէն Մերի Պատալեանի եւ Գայիանէ Թադէոսեանի ստեղծագործութիւնները։
The Economist հեղինակաւոր պարբերականը անդրադարձաւ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն:
Երեւանաբնակ 61-ամեայ Հրայր Ակուլեան համոզուած է, թէ քրիստոնեաները ապագայ չունին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: