ԵԳԷԱԿԱՆԻ ՄԷՋ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ
Եգէականի մէջ երէկ լարուածութիւն մը ապրուեցաւ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ։ Իսքէնտէրունէն դէպի Իզմիթ ճանապարհ դուրս եկած թրքական բեռնատար նաւ մը Ռոտոս կղզիի 3 մղոն հեռաւորութեան վրայ զգուշացուեցաւ Յունաստանի ռազմածովային զօրքերուն կողմէ։
Էրտողան շաբաթավերջին Համպուրկի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ Թրամփի եւ Փութինի հետ:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան (ՊՈԱԿ) տնօրէնի պաշտօնը շուրջ չորս ամիս առաջ ստանձնած Արա Թարվերտեան կ՚առաջնորդուի մեր հարուստ ժառանգութիւնը ոչ թէ «խաւարի մէջ թաղելու», այլ զայն առաւել արդիւնաւէտ օգտագործելու եւ ներկայացնելու սկըզ-բունքով:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Էլմար Մամէտեարով կրնան տեսակցիլ ներկայ ամսուան տեւողութեան:
Հայաստանի մէջ «Փրոֆփանէլ» ընկերութիւնը սկսաւ առաջին անգամ արտադրել արեւային վահանակներ:
Քաղաքապետարանի կողմէ քաջալերուած ծրագրի բացման փուլին համերգ մը սարքեց Մարթէն Եորկանց:
«Սուրիահայերը կ՚ապաստանին իրենց նախնիներու հայրենիքը» գրած է The economist պարբերականը։
Հայաստանի ու Արցախի կանայք 8 հազար տարուան մէջ ծննդականօրէն գրեթէ չեն փոխուա։ Դանիացի, հայ, ռուս ու բրիտանացի գիտնականներէ կազմուած խումբ մը պարզած է, որ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի կանայք վերջին 8 հազար տարուան մէջ ծննդական տեսանկիւնէ (genetically) գրեթէ չեն փոխուած: