ՍԱՄՈՒԷԼ ՊԱՊԱՅԵԱՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը երէկ տեղեկացուց, թէ ձերբակալուած է Սամուէլ Պապայեան, որ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն մին է ու արժանացած՝ Արցախի հերոսի կոչման։ Ան ձերբակալուած է մաքսանենգ ճանապարհով, Վրաստանի վրայով Հայաստան «Իկլա» տեսակի զենիթա-հրթիռային համալիր փոխադրելու հարցին շուրջ յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս։
Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ կը կարդանք.-
Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը երէկ նախաստորագրուեցաւ:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ապու Տապի, ուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Փոխ-վարչապետ ու նախագահական հարցերով նախարար Շէյխ Մանսուր Պին Զաիտ Էլ Նահեանի հետ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն ամսավերջին պիտի այցելէ Թուրքիա։ Կը նախատեսուի, որ պետական քարտուղարի այցը տեղի ունենայ Մարտի 30-ին։
Forbes հեղինակաւոր ամսագիրը Երկուշաբթի հրապարակած է տոլարային միլիառատէրերու ամէնամեայ համաշխարհային ցուցակը:
ԷԴՈՒԱՐԴ ՄԻԼԻՏՈՆԵԱՆ