ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ ԲԱՑ ՈՒ ԶԱՐԳԱՑԱԾ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՆԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ

Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Հայաստանի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Էլիահու Երուշայմիի հետ, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Նորանշանակ դեսպանին նստավայրը կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ։
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ յայտնեց, որ Եւրոպա պէտք է աւելի անկախ ըլլայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ Rheinische Post թերթին համար գրի առած յօդուածին մէջ գերմանացի նախարարը նշեց հետեւեալը. «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕ-ի հետ գործընկերութիւնը Անդրատլանտեան հանրակցութեան հիմքն է, բայց Եւրոմիութիւնը պէտք է ի վիճակի ըլլայ ինքնուրոյն կարգաւորելու այն ճգնաժամերն ու հակամարտութիւնները, որոնք ի յայտ կու գան իր հարեւանութեամբ»։
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի յառաջիկայ Երկուշաբթի Մոսկուա պիտի այցելէ՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրին ընդառաջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մարտի 28-ին ծրագրուած է քննարկել Ռուսաստան-Իրան համագործակցութեան հարցերուն ամբողջ համալիրը՝ երկու երկիրներու ղեկավարներու բանակցութիւններուն ընթացքին։
Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան խթանման համար հերթական նախաձեռնութիւն:
Ախալցխայի, Վրաստան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ՝ օրհնութեամբ Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ․ Վազգէն Եպսկ․ Միրզախանեանի՝ քաղաքին մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցած է «Հայկական գաթա» փառատօնը, որ կը տօնուի քառասնօրեայ Մեծ պահքի Միջինքին:
Ատոլֆ Հիթլէրի անձնական հեռախօսը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կայացած աճուրդով մը վաճառուած է 243 հազար տոլարով: Յենլով Alexander Historical Auctions աճուրդային տան յայտարարութեան՝ կը տեղեկանցնէ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը:
Լոնտոնի մէջ երէկ պատահած ահաբեկչական յարձակումը խոր ցնցում պատճառեց համայն աշխարհին:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապու Տապիի մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Փոխ-նախագահ ու վարչապետ, պաշտպանութեան նախարար, Տուպայիի կառավարիչ Շէյխ Մուհամմէտ Պին Ռաշիտ Էլ Մաքտումի հետ։ Այս առթիւ Սերժ Սարգսեան մատնանշեց, որ խոստմնալից հունով կ՚ընթանան կողմերու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ իրականացուող ձեռնարկները։