ՊԱՔՈՒԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՍԱԴՐԱՆՔԸ
Արցախի ճակատին վրայ առկայ լարուածութիւնը վերջին օրերուն կ՚աւելնայ հետեւողականօրէն։ Երէկ մտահոգիչ նոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան՝ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ հրադադարի հերթական խախտման հետեւանքով։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Թայլանտի նորանշանակ դեսպան Քրիանկսաք Քիթիչայսէրը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Հարկ է նշել, որ Թայլանտի դեսպանին նստավայրը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ։
Իրաքի Վարչապետ Հայտար Էլ Իպատի յայտարարեց, որ ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) լրջօրէն ուժ կորսնցուցած է։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պաղտատի մէջ Էլ Իպատի կառավարական պալատէն ներս սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Մուսուլի ազատագրման նպատակով ձեռնարկուած գործողութիւններուն։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին վաւերացուց Թրքական հոսք բնական կազի խողովակաշարի կառուցման ծրագրին վերաբերեալ համաձայնութիւնը։ Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի կառավարութիւններուն միջեւ գոյացած էր համապատասխան համաձայնութիւնը։
Ատրպէյճանի ղեկավարը հանդիպումներ ունեցաւ ԵՄ-ի ներկայացուցիչներուն հետ:
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Յետվիրաբուժութեան խնամք» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց հիւանդապահ Վիքի Հերկելեան:
Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման հետեւանքով, երէկ, Արցախի ճակատին վրայ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը եւս։ Դէպքը պատահեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ։
ԵՄ-ի «Էրասմուս+» ծրագրին շնորհիւ հետազօտութիւնները պիտի միջազգայնանան Հայաստանի մէջ: