ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ, ԻՍԿ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՀՐԷԻՑ ՐԱԲՈՒՆԱՊԵՏՆ ՈՒ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ շարունակեց Ս. Զատկի տօնին առթիւ շնորհաւորականներ ընդունիլ Գումգաբուի մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը այս ծիրէն ներս Պատրիարքարանի մէջ հիւրընկալեց Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւան, որուն կ՚ընկերանար խախամապետարանի դիւանապետ Եուսուֆ Ալթընթաշ։
16 Ապրիլի հանրաքուէի արդիւնքները կը շարունակեն բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին մօտ կը կատարուին բազմաթիւ բողոք-դիմումներ։
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններու հետ հանդիպում:
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր է փոխադրամիջանցք մը ստեղծել Պարսից ծոցի եւ Սեւ ծովու միջեւ։
Լաթվիոյ մայրաքաղաքը՝ Ռիկայի մէջ տեղի ունեցաւ միջնադարեան հայ հոգեւորական, բանաստեղծ, փիլիսոփայ, տաղերգու Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» գիրքի լաթիշերէն տարբերակի շնորհանդէսը: Գիրքը թարգմանած է լաթվիացի հայագէտ Վալտա Սալմինա:
Թրամփ երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյցով Էրտողանը շնորհաւորեց հանրաքուէի արդիւնքին համար:
ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ շահեկան դասախօսութիւն մը Պէյրութի մէջ:
ՀԱՊԿ-էն ներս վերջապէս ընդհանուր համաձայնութիւն գոյացաւ երկար սպասողական շրջանէ մը վերջ:
Չարլի Փափազեան գրեթէ ամէն ինչ գիտէ տնային պայմաններու մէջ գարեջուր պատրաստելու մասին: Ամբողջ աշխարհի մէջ սիրուած խմիչքին ամերիկացի գիտակը այս գործին նուիրած է իր ամբողջ կեանքը: