Լրահոս

ՆՈՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րին հի­ման վրայ՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի քար­տու­ղար նշա­նա­կուե­ցաւ Ար­մէն Գէոր­գեան։ Ե­րէկ, Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի վեր­նա­խա­ւին ներ­կա­յա­ցուց Ար­մէն Գէոր­գեա­նը։

ԵՐԿԵՐԵՍՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ

Պունտեսթակի կողմէ ընդունուած որոշման ցասումը կը շարունակուի. Հանրապեութեան նախագահը շատ խիստ ոճով արտայայտուեցաւ Գերմանիոյ հասցէին։
Ըստ Էրտողանի, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայոց կատարած ցեղասպանութեան վկաները ի կեանս են։
Պերլինի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հիւսէյին Ավնի Քարսլըօղլուի մասնակցութեամբ Անգարայի մէջ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՚ունենան յառաջիկայ շրջանի քաղաքականութեան առընչութեամբ։

ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան դէ­պի Թեհ­րան եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ՝ Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մու­համ­մէտ Ճեւատ Զա­րի­ֆի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Նալ­պան­տեան ե­րէկ ձեռ­նար­կեց Թեհ­րա­նի իր ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան, իսկ այ­սօր կ՚ա­ւար­տէ իր շփում­նե­րը։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԾ ԵՆ ԱՅՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ՄԷՋ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՆԴԻՊԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Հայաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ հա­մա­ձայ­նած են այս ա­միս նոր հան­դի­պում մը ու­նե­նա­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Միջ­նորդ­նե­րը այս մա­սին տե­ղե­կա­ցու­ցին՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն՝ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ ան­ցեալ շա­բաթ ի­րենց ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րէն վերջ։

ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՀԱՅՈՒՀԻ ՄԸ ԶՈՀՈՒԵՑԱՒ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ երկ­րի հա­յու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ դի­մագ­րա­ւել ան­բա­ցատ­րե­լի ող­բեր­գու­թիւն­ներ։ Շա­բա­թա­վեր­ջին Հա­լէ­պի մէջ ա­հա­բեկ­չա­կան զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րը հրթի­ռա­կո­ծե­ցին հա­յաբ­նակ Նոր Գիւղ թա­ղա­մա­սի բան­ջա­րե­ղէ­նի շու­կան։

ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒ

Չի­նաս­տա­նի ա­ռա­ջին փոխ-վար­չա­պետ Ճան Կաո­լիի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը այս օ­րե­րուն շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Հիւր փոխ-վար­չա­պե­տը ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի Զուարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նին մէջ դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Փոխ-վար­չա­պետ Վա­չէ Գաբ­րիէ­լեա­նի կող­մէ։

ՊԷՅՐՈՒԹԻ «ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ» ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ

Պէյ­րու­թի «Հայ­կա­զեան» հա­յա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս վեր­ջերս գու­մա­րուե­ցաւ հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի տա­րե­կան ժո­ղո­վը։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն եւ Պէյ­րու­թէն հա­մախմ­բուած ժո­ղո­վա­կան­նե­րու եր­կօ­րեայ աշ­խա­տան­քին ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան հաս­տա­տու­թեան ռազ­մա­վա­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներն ու ա­պա­գա­յի վե­րա­բե­րեալ ծրագ­րե­րը։

Էջեր