ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓԻ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒՆ ՅՍՏԱԿԵՑՈՒՄԸ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով անդրադարձաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտի մը ստեղծելու ուղղեալ գաղափարին։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով ռուս նախարարը յայտնեց, թէ պատրաստ են արժեւորելու այդ գաղափարը։ Մոսկուայի համոզմամբ, Ուաշինկթըն պէտք է աւելի յստակեցնէ իր մօտեցումը:

Լիբանանի նորընտիր ողիմպիական կոմիտէն գումարեց իր անդրանիկ ժողովը՝ ներկայութեամբ իր բոլոր անդամներուն:
Գրիչներու եւ գրենական պիտոյքներու արտադրութեամբ զբաղող National Pen ընկերութեան մասնագէտները վերլուծած են Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի ձեռագիրը ու մի քանի ուշագրաւ փաստ պարզած՝ անոր մասին:
Ըստ The Daily Mail-ի, ձեռագրի վերլուծութիւնը (grafoloji), հնարաւորութիւն կու տայ տուեալ անձի բնաւորութեան ու առողջութեան վերաբերեալ աւելի քան հինգ հազար մանրամասնութիւններ երեւան հանել:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան անցեալ դիւանագիտական տարին ամփոփելով՝ քննադատութիւններ հասցէագրեց Պաքուին:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս պայմանագրերու ստորագրման արարողութիւն:
Պէյրութի «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ սկիզբ առաւ «Զարթօնք»ի 80-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը՝ մասնակցութեամբ ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի ղեկավարութեան եւ օրաթերթի պատասխանատուներուն, խմբագիրներուն, աշխատակիցներուն, ինչպէս նաեւ մտաւորական ընտրանիի մը: