Լրահոս
ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Չեխիոյ մայրաքաղաքը՝ Փրակի մէջ Փետրուարին կ բացուի Body The Exhibition ցուցադրութիւնը, որ նուիրուած է մարդկային մարմնին: Ցուցահանդէսը կը ներառնէ քսան մարմին եւ մարդկային մարմնի մասերէն ստեղծուած երեք հարիւր ցուցանմոյշ:
ՏՈՒՊԱՅԻԻ ՄԷՋ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻ ԱՄԵՆԱԳԵՂԵՑԻԿ ՓԱՐՈՍԸ
Շուայտ ապրելակերպի խորհրդանիշ համարուող Տուպայիի մէջ կ՚իրականացուի հերթական յաւակնոտ նախագիծ մը, որու շրջանակներէն ներս կը կառուցուի տարածքաշրջանի խոշորագոյն զբօսանաւերու նաւահանգիստը, ինչպէս նաեւ ամենագեղեցիկ փարոսներէն մէկը:
ԻՐԱԿԱՆ ՉԱՓԵՐՈՎ LEGO-Ի ԽՈՐԱՆԱՐԴԻԿՆԵՐ
Դանիական արտադրութեան Lego-ի խորանարդիկները ծանօթ են բոլորին՝ թէ՛ մեծահասակներուն, թէ՛ փոքրերուն: Այժմ ամերիկեան EverBlock System ընկերութիւնը ստեղծած է անոնց մեծ, իրական չափերու տարբերակները՝ նախատեսուած ոչ թէ խաղալու, այլ որեւէ փակ տարածք առանց շինանիւթի ձեւափոխելու համար:
ԸԼԼԱԼ ՊԱՏՐԱՍՏ…
«Անկարելի է որոշել Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը՝ առանց իր իսկ մասնակցութեան»:
Ըստ Քազիմիրովի, նախագահներու հանդիպումները արժանի են աջակցութեան՝ եթէ նոյնիսկ շատ քիչ բան տան գործնականօրէն:
ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս տարեկան հաւաքոյթ:
Խնամակալութեան ծրագրի շքեղ ճաշկերոյթը բնորոշեց 90-ամեակի բազմակողմանի ձեռնարկներու շարքին սկիզբը:
«Իմ Քաղցր Լեզու» նիւթով Շարադրութիւններու Մրցոյթ՝ Նուիրուած Մայրենիի Տօնին
Փետրուար 21-ին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ պիտի նշուի UNESCO-ի եւ Հայոց պետութեան կողմէ սահմանուած «Մայրենիի օր» տօնը, որուն ծիրէն ներս՝ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը կը յայտարարէ «Իմ քաղցր լեզու» նիւթով շարադրութիւններու մրցոյթ։ Լաւագոյն շարադրութիւնները պիտի խրախուսուին Սփիւռքի նախարարութեան կողմէն:
ՆՈՐ ՆԱՄԱԿԱՆԻՇՆԵՐ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ ներկայացման պաշտօնական արարողութիւնը եւ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ «Հայկական բանակի կազմաւորման 25-ամեակը» նիւթին նուիրուած երկու նամականիշ:
ՍՊԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ԲԱՑՈՒՄ
Մատրիտի մէջ տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի բացումը:
Դպրոցի բացումով Սպանիոյ մէջ ապրող հայ մանուկները այսուհետեւ հնարաւորութիւն պիտի ունենան պահպանելու հայ խօսքը եւ ծանօթանալու հայ մշակոյթին ու պատմութեան:
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Վերջերս տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի մշակութային ամենէն սպասուած ձեռնարկը՝ «Լոս Անճելըս արթ շոու»ն, որուն շրջագծին մէջ աշխարհի շուրջ տասնութ երկիրներու մասնակցութեամբ աւելի քան իննսուն պատկերասրահներ ներկայացուցին նկարչութեան, քանդակագործութեան, լուսանկարչութեան ժամանակակից, նաեւ դասական նմոյշներ:

