ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԻՄԱԳԻԾԸ ԵՐԷԿ ԱՐԴԷՆ ՅՍՏԱԿԵՑԱՒ
Հայաստանի մէջ նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկուան նշանակումներով գրեթէ եզրափակուեցաւ։ Երէկուան կարգադրութիւնները ոչ միայն յստակեցուցին նորանշանակ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան շարք մը առանցքային դէմքերը, այլ նաեւ վերաձեւաւորեցին բանակի վերնախաւը եւ ռազմավարական նշանակութեամբ պետական կառոյցներու գլխաւոր դէմքերը։
ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ կապակից երկիրներու հաւաքը:
Սրբազան Քահանայապետը հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեանց կողմէ:
Հալէպի երէկուան դէպքերուն ընթացքին հայաբնակ թաղամասեր ենթարկուեցան սաստիկ յարձակումներու: