ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն տեղեկացուց, որ համաձայնած է միջազգային իրաւաբաններու հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ըմբիշ Միհրան Յարութիւնեանի Ռիոյի Ողիմպիականներուն ընթացքին ենթարկուած անարդարութեան դէմ պայքարելու համար կոմիտէն պիտի համագործակցի միաջազգային իրաւաբաններու հետ։
«Եփրատի վահան» գործողութեան զուգահեռ՝ Թուրքիա-Սուրիա սահմանը մաքրագործուեցաւ ԻՇԻՊ-էն:
Վրաստանի Վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան կ՚ընդունուի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ։ Հիւր վարչապետը կ՚այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդ:
Արցախի անկախութեան 25-ամեակը՝ Ապրիլի պատերազմի յիշողութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտով:
Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ հայկական հարցը դարձեալ որոշիչ գործօնի վերածուած:
Եդուարդ Նալպանտեան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի արդի փուլի հարցերուն եւ անոնց յաղթահարման սկզբունքներուն անդրադարձաւ երէկ Փոտստամի մէջ կազմակերպուած՝ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն ժողովին ընթացքին: