ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Հայաստանի մէջ այսօր վերամուտ է։ 2016-2017 կրթական շրջանը կը սկսի ու զուգահեռաբար կը նշուի՝ Սեպտեմբերի 1-ի Գիտելիքի օրը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, երէկ, վերամուտի ընդառաջ տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգը։ Խորհրդաւոր արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան։

Էրտողան եւ Փութին Սեպտեմբերի 3-ին պիտի տեսակցին Չինաստանի մէջ, «G-20»ի գագաթաժողովի օրերուն:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան աշխատանքային ուղեւորութիւն մը պիտի իրականացնէ դէպի Գերմանիա եւ Սլովաքիա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Գերմանիոյ Փոտըստամ քաղաքին մէջ Նալպանտեան վաղը պիտի մասնակցի ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն ժողովին։
Փարիզի Առաջնորդարանը որոշած է ներկայ վերամուտին մշակութային փառատօն մը կազմակերպել Ալվորֆիլի մէջ։ Այս կապակցութեամբ «Նոր Յառաջ» թերթը տեսակցութիւն մը ունեցած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ժիրայր Չոլաքեանի կողմէ կատարուած այս հարցազրոյցը։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Վրաստանի նորանշանակ դեսպան Կիորկի Սականելիծէն, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեան դեսպանը շնորհաւորեց նոր ստանձնած պաշտօնին կապակցութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական առաքելութեան համար։
Իտալիոյ երկրաշարժէն ծանր վնասներ կրած Ամաթրիչէ քաղաքի քաղաքապետ Սերճիօ Փիրոցի խոստացած է, որ երկրաշարժին պատճառով տանիքէ զրկուած բնակիչները վրանային աւանին մէջ մէկ ամիսէն աւելի պիտի չմնան՝ աւելցնելով, որ յառաջիկային պիտի որոշուի եւ փայտաշէն տուներ տեղադրելու համար պիտի յատկացուի անվտանգ տարածք, ուր ժամանակաւորապէս պիտի բնակին երկրաշարժէն վնասուածները:
Էրտողան եւ Օպամա Սեպտեմբերի 4-ին պիտի տեսակցին Չինաստանի մէջ, «G-20»ի գագաթաժողովին շրջագծով: