Լրահոս

ԴՌՆՓԱԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Քաթարի Էմիրը: Միւնիխի մէջ համաձայնութիւն մը գոյացած է Սուրիայէ ներս բռնութեան դադրեցման համար Թուրքիա արդար խաղաղութեան հաստատումը կախեալ կը համարէ Ռուսաստանէն:

ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ ՈՒ ՊԱՏՈՒՀԱՆՆԵՐ

«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած առաջին երեք գիրքերուն համատեղ շնորհանդէսը վաղը երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ Ֆէրիգիւղի մէջ։
Անցեալի եւ ապագայի խաչմերուկին…
Այս շաբաթավերջին իսթանպուլահայ գրասէր հասարակութիւնը ժամադրուած է «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ: Գինեձօնի ձեռնարկը կազմակերպուած է «Անատոլու Քիւլթիւր»ի աջակցութեամբ: Սեւան Տէյիրմենճեանի աշխատասիրութեամբ հրատարակուած գործերուն մասին պիտի արտայայտուին սփիւռքէն յայտնի հիւր մտաւորականներ՝ Իշխան Չիֆթճեան, Վարդան Մատթէոսեան եւ Վահէ Թաշճեան, ինչպէս նաեւ Այլին Գօչունեան, որոնց մասնակցութեամբ նախատեսուած ասուլիսը պիտի վարէ Սագօ Արեան։
Մօտաւոր անցեալին նշուած թերթիս դարադարձի մթնոլորտէն ծնունդ առած գաղափարները կը պտղաբերին հեռանկարային արգասաբեր նախաձեռնութիւններով։

ԱՐԴԷՆ ՏԱՍՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼԵԱԼ

Յա­կոբ Տե­միր­ճիի դա­ժան սպա­նու­թեան դէպ­քին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Տե­ղա­կան մա­մու­լը կը գրէ, որ ձեր­բա­կա­լեալ­նե­րուն թի­ւը ար­դէն հա­սած է տա­սի։ Ա­նոնց շար­քին կը գտնուին Տե­միր­ճիներու հին ու նոր սպա­սու­հի­նե­րը։ Յան-­ցա­գործ­նե­րը շէն­ք  ներ­խու­ժած են տա­նի­քէն։

ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի մար­զա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը մեկ­նե­ցաւ Լի­լը­հա­մըր (Նոր­վե­կիա), ուր այ­սօր կը սկսին Ձմեռ­նա­յին պա­տա­նե­կան երկրորդ ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րը, որոնց ընթացքին Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն Մի­քա­յէլ Մի­քա­յէ­լեան (դա­հու­կար­շաւ) եւ Ա­նաս­թա­սիա Գա­լուս­տեան (գե­ղա­սահք), որ խում­բին պի­տի միա­նայ Մոս­կուա­յէն:

Յ. ՏԵՄԻՐՃԻԻՆ ՏԽՈՒՐ ՀՐԱԺԵՇՏ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի նո­րոգ հան­գու­ցեալ ան­դամ­նե­րէն Յա­կոբ Տե­միր­ճիի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան տխուր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ծա­նօթ է, որ Յա­կոբ Տե­միր­ճի ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Էլ­մա­տա­ղի իր բնա­կա­րա­նին մէջ սահմռ­կե­ցու­ցիչ կո­ղո­պու­տի մը հե­տե­ւան­քով սպան­նուած էր ոճ­րա­գործ­նե­րու կող­մէ։ Նոյն դէպ­քին ժա­մա­նակ վի­րա­ւո­րուած էր իր 79-ա­մեայ կո­ղա­կի­ցը՝ Սե­դա Այ­տա Տե­միր­ճի։

ԵՐԿԵՐԵՍՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊՈՌԹԿՈՒՄ

Թուրքիա միշտ կ՚ընդգծէ, որ ԵՄ-ի կողմէ նախատեսուած 3 միլիառ եւրօ յատկացումը պիտի ծախսուի գաղթականներուն ի նպաստ:
Ահմէտ Տավուտօղլու Լախէյի մէջ քննադատեց այն շրջանակները, որոնք Սուրիոյ տարածքէն ներս չեն կրնար կասեցնել Ռուսաստանի ռմբակոծումները, ներառեալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը: Ըստ վարչապետին, Անգարա միշտ իր դռներն ու սիրտը բաց կը պահէ ապաստանեալներուն համար:

ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԳԵՐՄԱՆԻԱ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վա­ղը եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Գեր­մա­նիա։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեան պի­տի մաս­նակ­ցի Միւ­նի­խի Մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան հա­մա­ժո­ղո­վին, ո­րու շրջագ­ծով պի­տի քննար­կուին մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի հրատապ հար­ցե­րը։

Էջեր