ԻՍԼԱՄ ՔԵՐԻՄՈՎԻ ՄԱՀԸ
Էօզպեքիստանի պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտեան ժամերուն տեղեկացուցին, թէ երկրի նախագահ Իսլամ Քերիմով մահացած է։
Էօզպեքիստանի պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտեան ժամերուն տեղեկացուցին, թէ երկրի նախագահ Իսլամ Քերիմով մահացած է։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յառաջիկայ շաբաթ՝ Սեպտեմբերի 8-ին ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ:
Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադարձաւ իր ռուս պաշտօնակցին՝ Սէրկէյ Լաւրովի եւ Արլէմ Տեզիրի հետ:
Պերաթ Ալպայրաք եւ Ալեքսէյ Միլըր երէկ մանրամասնօրէն քննարկեցին «Թրքական հոսք» ծրագիրը:
Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ պիտի դրուի ուժանիւթի ոլորտին մէջ:
Կառավարութեան կազմին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անակնկալ փոփոխութիւն մը։ Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալա հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ միասնաբար պէտք է լաւ արժեւորել կիպրական հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ վերջին հնարաւորութիւնը։
Սուրիոյ ճգնաժամը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը եւ այս իրավիճակին մէջ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութիւնը ա՛լ աւելի նոր հարթութեան մը վրայ դրած է ամէն ինչ։
Վրաստանի վարչապետը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ատրպէյճան:
Իլհամ Ալիեւ տարածքաշրջանային կայուութեան հիմք կը համարէ կողմերու ծրագրերը:
Հայաստանի մէջ այսօր վերամուտ է։ 2016-2017 կրթական շրջանը կը սկսի ու զուգահեռաբար կը նշուի՝ Սեպտեմբերի 1-ի Գիտելիքի օրը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, երէկ, վերամուտի ընդառաջ տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգը։ Խորհրդաւոր արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան։
Էրտողան եւ Փութին Սեպտեմբերի 3-ին պիտի տեսակցին Չինաստանի մէջ, «G-20»ի գագաթաժողովի օրերուն:
Նախագահները մասնաւորապէս պիտի անդրադառնան Սուրիոյ ճգնաժամին եւ ուժանիւթի ոլորտէն ներս համագործակցութեան:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան աշխատանքային ուղեւորութիւն մը պիտի իրականացնէ դէպի Գերմանիա եւ Սլովաքիա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Գերմանիոյ Փոտըստամ քաղաքին մէջ Նալպանտեան վաղը պիտի մասնակցի ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն ժողովին։