ԼԱՒՐՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Պաշտօնական այցով երէկ երեկոյեան Երեւան ժամանած Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով այսօր կը հիւրընկալուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանին հետ Սէրկէյ Լաւրով այս առաւօտ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ աւարտեց Անգարայի իր շփումները, որոնց շրջագծով տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Այս կապակցութեամբ ընդհանուր քարտուղարը հարցազրոյց մը տուաւ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, մինչ այսօր ալ կ՚այցելէ Չեշմէ՝ Եգէականի մէջ գաղթականաց անցքին դէմ սկսած ՆԱԹՕ-ի գործողութիւններուն ականատես ըլլալու համար։
Ֆրանսուա Օլանտ երէկ Էլիզէի պալատին մէջ հիւրընկալեց Կէորկի Մարկվելաշվիլին:
Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով Արցախի ճակատին վրայ հայ զինուոր մը եւս նահատակուեցաւ:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը բարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին՝ Ապրիլի 25-ին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը պիտի իրականանցնէ տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը, որու ծրագիրը պիտի ընդգրկէ Հայաստանի առընթեր Վրաստանն ու Ատրպէյճանը։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ երէկ գումարուեցաւ տարեկան ընդհանուր ժողով։ Հերթական համագումարին մասնակցեցան Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Արարատեան Հայրապետական Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան, բազմաթիւ նախարարներ, բարձրաստիճան դիւանակալներ եւ երկրի գիտական աշխարհէն ծանօթ դէմքեր։