Լրահոս
ՍԻՐԱՆ ՍՈՒՐՔԻ ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ խորհրդական նշանակած է մեր համայնքէն Սիրան Սուրքին։ Յառաջիկայ շրջանին Սիրան Սուրքի քաղաքապետարանէն ներս պիտի պաշտօնավարէ փոքրամասնութիւններուն գծով եւ քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւին հետ պիտի աշխատի՝ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներուն վերաբերեալ կարգադրութիւններու շուրջ։
ԱԼԻԵՒԻ ԿՈՂՄԷ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր միօրեայ այցելութիւն մը պիտի տար Պաքու, ուր պիտի հիւրընկալուէր Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Երկու նախագահներուն գլխաւորութեամբ տեղի պիտի ունենար Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդին հինգերորդ ժողովը։
ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՈՐՈՇՈՒՄ
Ռուսաստանի զօրքերը այս առաւօտեան դրութեամբ սկսան հեռանալ Սուրիայէն:
Ժընեւի մէջ կը շարունակուին ճգնաժամի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները:
ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍ
Փորթուգալի կառավարութիւնը պատուոյ հիւպատոս մը նշանակած է Հայաստանի մէջ։ Այսպէս, դեսպան Մարիօ Կուտինիօ տէ Մարթոսի միջոցաւ պատուոյ հիւպատոս նշանակուած է Սամուէլ Սամուէլեան։
ՍԱՐՍԱՓԱԶԴՈՒ ԵՒ ԱՐԻՒՆԱԼԻ
Թուրքիա երէկ երեկոյեան հերթական անգամ ցնցուեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի սրտին վրայ ապրուած ահաբեկչական վայրագ յարձակման հետեւանքով: Մղձաւանջային դէպքը խլեց 37 անմեղ անձի կեանք, բազմաթիւ վիրաւորներ: Թուրք զինեալ ուժերը դարձեալ ռմբակոծեցին Քանտիլը: Ըստ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, նման արարքները կը բարձրացնեն պայքարի վճռականութիւնը:
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը շրջագայութեան մը ձեռնարկած է դէպի Եւրոպա: Սերժ Սարգսեան շփումներ կ՚ունենայ Յունաստանի եւ Հարաւային Կիպրոսի մէջ, իսկ աւելի վերջ կ՚անցնի Պրիւքսէլ:
ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ-ՄԵՐՔԷԼ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ Ժընեւի մէջ այսօր նախատեսուած են Սուրիոյ ճգնաժամին ուղղեալ բանակցութիւնները՝ երկրի ղեկավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը հաւաքոյթի մը մասնակցեցաւ Գիտութիւններու ակադեմիոյ մէջ:
Սէյրան Օհանեան նուազ հաւանական կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին պատերազմի վերսկսիլը:

