ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԿԱԾԸ ԲԱՑԱՌՈՒԱԾ
Երեւանի Հալապեան փողոցին վրայ պատահած պայթումին արձագանգները կը շարունակուին։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութիւնը տեղեկացուց, թէ այս դէպքին պարագային ահաբեկչութեան վարկածը ամբողջութեամբ հերքուած է։



Ատրպէյճանի զօրքերը ամբողջ գիշերը խտացեալ ձեւով ռմբակոծեցին Արցախը՝ թիրախաւորելով բնակավայրերը. կան զոհեր:
Երէկ երեկոյեան ժամերուն Երեւանի Հալապեան փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ պայթում մը։ Փողոցի թիւ 11 շէնքին մօտ օթօպիւսի մը մէջ տեղի ունեցաւ պայթում մը, որու հետեւանքով երկու հոգի զոհուեցաւ, կան նաեւ վիրաւորներ։ Հալապեան-Արզումանեան փողոցներու խաչմերուկին՝ «Նիգ» սրճարանի մօտակայքին պատահեցաւ այս պայթումը, որմէ անմիջապէս վերջ սկսան փրկարարական եւ քննչական աշխատանքներ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ճոն Քերի երէկ երեկոյեան ունեցան կարեւոր հեռախօսազրոյց մը:
Ատրպէյճան կը հիւրընկալէ ՄԱԿ-ի քաղաքակրթութիւններու դաշինքի 7-րդ կլոպալ համաժողովը՝ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն մասնակիցներով: