Լրահոս
Հայկական Shadowmatic-ի ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ կայացած IMGA (International Mobile Gaming Awards) մրցանակաբաշխութեան ժամանակ հայկական Shadowmatic խաղը լաւագոյնը ճանչցուած է միանգամայն երկու անուանակարգի մէջ:
ԲԱՆԱՁԵՒՄԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ վերջին շրջանին խտացած որոնումներէն վերջ յստակեցման համար ջանքեր:
Թուրքիա եւ Եւրոպական Միութիւնը սուրիացի գաղթականներու հրատապ հարցով պայմանաւորուած իրավիճակի մը մէջ կը ձգտին նոր ուղղութիւն մը տալ իրենց յարաբերութիւններուն: Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու վերստին կը մէկտեղուի եւրոպացի ղեկավարներուն հետ:
ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆ
Հայրի Ինէօնիւ կը ձգտի աւելի համակարգուած կապեր մշակել փոքրամասնական համայնքներուն հետ:
Սիրան Սուրքի կը նախատեսէ քաղաքապետարանին հետ ապահովել կամուրջ մը՝ բոլորի սպասումները արդարացնելու համար:
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԿԻՊՐՈՍ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Յունական Կիպրոս, ուր հիւրընկալուեցաւ իր պաշտօնակցին՝ Նիքոս Անաստասիատիսի կողմէ։ Ան կղզիի մէջ հիւրընկալուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
ՄԵՍՈՒՏ ՊԱՐԶԱՆԻ ԱՆՅԱՅՏ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՔԻՒՐՏԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանի յայտարարեց, որ Սուրիոյ քիւրտերու ճակատագիրը անյայտ է եւ անոնք կ՚օգտագործուին որպէս պատերազմի գործիք մը։
ՃՈՆ ՔԵՐԻ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարները՝ Ճոն Քերի եւ Սէրկէյ Լաւրով ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին Սուրիոյ ճգնաժամը։
ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՅՈՒՆ
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի դարմանումը կը շարունակուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Երէկ, Արա Կիւլէր որոշ ժամանակ հիւանդանոցէն դուրս գալով ենթարկուեցաւ ընթացիկ տիալիզին եւ աւելի վերջ վերադարձաւ։
ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԱԳԱԹ
Թուրքիա-Ատրպէյճան բարձր մակարդակի ռազմավարական գործակցութեան խորհուրդին 5-րդ նիստը:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Իլհամ Ալիեւ տեղեկացուցին, որ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղին պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ տարեվերջ: Անգարայի մէջ որոշուեցաւ նաեւ թափ տալ TANAP-ի շինարարութեան աշխատանքներուն:
ԽՈՐ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻ
Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ Ալեքսիս Ցիփրասի հետ եւ աւարտեց Աթէնքի շփումները:
«Հայաստան պատրաստ է ընդունիլ այն բոլոր սուրիահայերը, որոնք որոշած են հեռանալ Սուրիայէն»:
