ԵՐԵՔ ՀՈԳԻ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ ՅԱԿՈԲ ՏԵՄԻՐՃԻԻ ԳՈՐԾՈՎ
Էլմատաղի բնակարանին մէջ սահմռկեցուցիչ յարձակման ենթարկուած Տեմիրճի ընտանիքի դէպքին վերաբերեալ իրադարձութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Ծանօթ է, որ կազմակերպեալ կողոպուտի մը հետեւանքով մահացած էր Յակոբ Տեմիրճի, իսկ իր կողակիցը՝ Սեդա Այտա Տեմիրճի վիրաւորուած։
Հայաստանի արտաքին նախարարը հանդիպեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Քաթարի Էմիրը: Միւնիխի մէջ համաձայնութիւն մը գոյացած է Սուրիայէ ներս բռնութեան դադրեցման համար Թուրքիա արդար խաղաղութեան հաստատումը կախեալ կը համարէ Ռուսաստանէն:
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ ստորագրուած հրամանագրին հիման վրայ երէկ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն նշանակուեցաւ Կէորկի Կուտոյեան։