ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
Յունիս 28-Յուլիս 5 թուականներու միջեւ, Արցախի մէջ 4-րդ անգամ կը կազմակերպուի դասական երաժշտութեան «Տնջրէ» միջազգային փառատօնը, որուն կը մասնակցին պատանի կատարողներ աշխարհի տասնմէկ երկիրներէ՝ Իտալիայէն, Սլովենիայէն, Պոսնայէն, Ֆինլանտայէն, Շուէտէն, Լեհաստանէն, Լիթվիայէն, Սինկափուրէն, Հոլանտայէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Արցախէն: