ԻՊՐԱՀԻՄ ՔԱԼԸՆ ԼԱՒԱՏԵՍ
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը յառաջանայ դրական ձեւով։ «Անատոլու» գործակալութեան կատարած յայտարարութիւններուն մէջ ան յայտնեց, որ ներկայ ամսուան սկիզբին սահմանի վրայ թեքնիք պատուիրակութիւններու ժողով մը տեղի ունեցած է։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը իրերայաջորդ այցելեց Փարիզ եւ Պերլին:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ, Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններուն գծով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Ռիքեր կը պատրաստուի այցելել Երեւան։
«Հրանդ Տինք» հիմնարկը կը պատրաստուի յաջորդ շաբթուան սկիզբին կեանքի կոչել հետաքրքրական ծրագիր մը։ Այսպէս, երեքշաբթի, դեկտեմբերի 6-ին, հիմնարկի կեդրոնատեղիին մէջ, երեկոյեան ժամերուն նախատեսուած է «Ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարի գծով տարբեր մօտեցումներ» խորագրեալ ասուլիս մը։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Սպանիոյ առաջին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Պենալմատենա, անդրանիկ Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կը շարունակեն հրադադարի խախտումները՝ թիրախաւորելով հայկական պաշտպանութեան դիրքերը։
Թեշվիքիյէի «Մետիքա» բժշկական կեդրոնէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ հաճելի երաժշտական ձեռնարկ մը։ Այս բժշկական կեդրոնը կը գործէ պատմական շէնքի մը մէջ եւ արձակուրդի օրով այնտեղ կազմակերպուած նուագահանդէսին մասնակցիլը իսկապէս մեծ հաճոյքի մը համազօր եղաւ ներկաներուն տեսակէտէ։
Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները հետզհետէ կը մատնուին փակուղիի։ Հրադադարի խախտումներն ու սահմանի ոտնձգութիւնները մէկ կողմ, Պաքու կը սաստկացնէ իր խաղի պայմանները պարտադրելու ուղղեալ ճնշումները Երեւանի վրայ։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր աշխատանքային ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Եւրոպա։ Ան իրերայաջորդ կ՚այցելէ Փարիզ եւ Պերլին։