ՀԱՍՏԵԱՅ ՀԱՒԱՏՈՎ ՀԱՍՏԱՏԵԱՅ ՅՈՅՍՈՎ ՀԻՄՆԵՑՈՅ ՍԻՐՈՎ
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակով «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանը շնորհուեցաւ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքին։
Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ. «Անատոլուի չորս կողմերու սրբավայրերը յարգանքի եւ եղբայրութեան ազդանշաններ են»։
Տիարպաքըրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին շաբաթավերջին օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ պատմական մեծահանդէս արարողութիւններով, որոնց նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Հայաստանի ընդդիմութեան «Դիմադրութիւն» շարժումը ամբողջ թափով կը շարունակուի, շաբաթավերջին հանրահաւաքներ տեղի ունեցան Վանաձորի եւ Կիւմրիի մէջ:
Երեւանի մօտ Սուրիոյ դեսպան նշանակուեցաւ Նորա Արիսեան։ Նշանակումը կատարուած է Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի հրամանագրի հիման վրայ։
Ժընեւի մէջ, Զուիցերիա, երէկ հայութեան տեսակէտէ յատկանշական իրադարձութիւն մը ապրուեցաւ։ Այսպէս, «Արմենիա» վերանուանուեցաւ այն հրապարակը, որ կը գտնուի տեղւոյն Ս. Յակոբ հայկական եկեղեցւոյ եւ հայկական կեդրոնի հարեւանութեամբ։
Երեւանի Նորարար փորձարական արուեստի կեդրոնէն ներս երէկ բացուեցաւ՝ «Հրանդ Տինք. Հոս եւ հիմա» անուանումով ցուցահանդէս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հրանդ Տինքի նահատակութեան 15-րդ տարելիցին առթիւ պատրաստուած, իր կեանքը, գործունէութիւնն ու պայքարը ներկայացնող ցուցահանդէս մըն է այս մէկը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ուաշինկթընի շփումներու ծիրէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Միջազգային հանրապետական կաճառի Եւրոասիոյ տարածաշրջանային տնօրէն Սթիվըն Նիքսի հետ։
Հայաստանի ներքին քաղաքական պայքարի մթնոլորտին մէջ միշտ կը հնչեն փոխադարձ մեղադրանքներ:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Միրչա Ճէոանէ յայտարարեց, որ մօտակայ շաբաթներուն Ուքրայնայի պատերազմը վճռական փուլ կը թեւակոխէ։ «Մենք կ՚ակնկալենք, որ յառաջիկայ շաբաթները վճռորոշ կ՚ըլլան, նոյնիսկ եթէ պատերազմը աւելի երկար տեւէ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ դաշինքը չ՚ենթադրեր, որ պատերազմը պիտի սրուի եւ ինքն ալ պիտի ներգրաւուի հակամարտութեան։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ