Լրահոս

ՍՓԻՌՔԻ ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿԸ Ե՞ՐԲ Է…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Փոքր հարցումներով չէ, որ պիտի սկսիմ այս նիւթին, որովհետեւ մեր ժողովուրդին համար իսկապէս գոյութենական մեծ ժամանակներ կ՚ապրինք։ Ու մեծ իրադարձութիւններու առընթեր ամենէն աւելի թիրախ կը դառնայ մեր գոյութիւնը, որ նետուած է համայնակուլ աշխարհի մը մէջ։

«ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՌԱՋ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ ԼՈՆՏՈՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՃԱՌԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՔԵՒ

Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեանի վերահսկողութեան ներքեւ աշխարհի հայաշատ կեդրոններէն ներս հետազօտական աշխատանք կ՚իրականացուի հաւաքական տրամադրութիւններու, մտածելակերպի եւ առաջնահերթութիւններու յստակեցման տեսակէտէ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ տեղեկացուց, որ յառաջիկայ շրջանին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ շարք մը շփումներ կը նախատեսուին։ «Յառաջիկային կը նախատեսուի մեր ներկայացուցիչներու հանդիպումը սահմանազատման, սահմանագծման հարցով եւ արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում կ՚ունենան», երէկ յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան Հոլանտայի Միջազգային յարաբերութիւններու կաճառէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ։

ԲԱԶ­ՄՈՒ­ԹԻՒՆ, ՔՆՆՈՒ­ԹԻՒՆ

Դժուար է բազմութեան մէջ, երբեմն նաեւ տհաճ։ Բարդ է ընթանալ բազմութեան մէջ՝ առանց կողմնորոշումը շուարելու։ Բազմութիւնը նման է հոսանքի մը, որուն դէմ թիավարելը կը թուի ըլլալ անկարելի։ Բազմութիւնը մարդը կը շեղէ ուղղութենէն։

ՌՈՒԲԷՆ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐՈՒԱԾ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

​Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան երէկ մէկտեղուեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած շարք մը դեսպաններու հետ։ Մինչ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը շարունակէ միջազգային ուշադրութեան առարկայ դառնալ, Երեւան բոլոր հարթութիւններու վրայ Անգարայի հետ տարած աշխատանքին շուրջ կը լուսաբանէ միջազգային գործընկերները։

«ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ԸՆԹԱՑԱԿԱՐԳԵՐՈՒ ԱՒԱՐՏԻՆ»

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ Պաքու Երեւանին առաջարկած է սահմանազատման յանձնաժողովը ստեղծել վարչապետի մակարդակով։ Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին հանդիպման ընթացքին որոշուած էր սահմանազատման հարցերով եւ սահմանային անվտանգութեան համար յանձնաժողով մը ստեղծել։

ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Քիեւ կը պնդէ, որ Մոսկուայի դէմ Արեւմուտքի կողմէ հաստատուած պատժամիջոցները կը շրջանցուին Հարաւային Կովկասի երկիրներուն միջոցաւ: Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը աստիճանաբար նոր իրավիճակի մը ծնունդ կու տայ համաշխարհային տնտեսութեան տեսակէտէ, մարդուժի հարցերով հանդերձ

 

ՄԱԿ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՇՓՄԱՆ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի՝ մարդասիրական հարցերու գծով տեղակալ Մարթին Կրիֆիթսը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ զրոյցը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմով պայմանաւորուած զանազան խնդիրներ։

Էջեր