ԼԱՐՈՒԱԾ ՍՊԱՍՈՒՄ
Հայաստանի տարածք ներխուժած Ատրպէյճանի զօրքերուն մէկ մասը վերադարձած է ելման դիրքերը, իսկ խումբ մը զինուորականներ կը շարունակեն մնալ այնտեղ: Հայկական բանակի ստորաբաժանումներըկը կանխեն թիկունքային ապահովման փորձերը: Սահմանի իրադրութեան գծով փոփոխութիւն չկայ:
Վաղը պիտի շարունակուին Երեւան-Պաքու բանակցութիւնները: Մոսկուա եւ ՀԱՊԿ չկամութիւն կը դրսեւորեն իրենց դաշնակցային պարտաւորութիւններուն տեսակէտէ: Ուաշինկթըն եւ Փարիզ աւելի վճռական հանդէս կու գան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ արժէքաւոր եւ համակրելի կրթական մշակ Ոսկիան Շէշէթեան։ Բոլոր անոնք, որոնք մեր համայնքի մօտաւոր անցեալի տարեգրութեանց վերաբերեալ ունին տարրական տեղեկութիւն մը՝ կրնան վկայել, թէ նորոգ հանգուցեալ Ոսկիան Շէշէթեան կը մարմնաւորէր տիպար ու նուիրեալ կրթական մշակի կերպարը։
Երեւանի մէջ այս օրերուն բացուած է շահեկան ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է երախտաշատ ճարտարապետ Յովհաննէս Մարգարեանի ծննդեան 120-ամեակի յոբելեանին։ «Քարի ձայնն ու բոյրը. Յովհաննէս Մարգարեան» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է «Ալեքսանդր Թամանեան» ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-կաճառէն ներս։
Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսաւ շահեկան գիրք մը, որ կը կոչուի «Կը խօսին նամակները»։ «Մուղնի» հրատարակչութեան կողմէ գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած է այս գիրքը, որու հեղինակն է Ասատուր Կիւզելեան։
Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Ատրպէյճանի զօրքերը ներթափանցեցին Հայաստանի տարածքը:
Երուսաղէմի մէջ օրերէ ի վեր տեղի կ՚ունենան բախումներ։ Արիւնալի դէպքերու դրուագներ կը հասնին Սուրբ Քաղաքէն ու մերձակայքէն, ինչ որ ահազանգային կացութեան մը ծնունդ տուած է միջազգային բեմահարթակի վրայ։
Հայաստանի մէջ 20 յունիսին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, ներքին քաղաքական կեանքէն ներս իրադարձութիւնները կ՚ընթանան թափով։ Այս ամբողջին մէջ քաղաքական ուժերը կը ձեւաւորեն դաշինքներ՝ ընտրութեան մասնակցելու համար։
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան կառավարութեան փոխ-վարչապետ Քուպաթ Թալապանի վերջերս այցելեց Երեւան։ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան 14 մայիսին հիւրընկալեց Քուպաթ Թալապանիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայ ազգային քոնկրէսը Երեւանի մէջ երէկ իրականացուց իր համագումարը՝ 20 յունիսի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ։ Սա քոնկրէսի երրորդ համագումարն էր։