Լրահոս

ՎԵՐԱՐԺԵՒՈՐԵԼ ԿԱՊԵՐԸ

Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ պատերազմէն վերջ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, մարդասիրական բնոյթով հրատապ հարցերուն, ինչպէս նաեւ երկրի սահմաններուն վրայ յառաջացած իրավիճակին։

ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ծայրայեղականներու արարքէն վերջ 200 հրեաներէ բաղկացեալ խումբ մը այցելեց Երուսաղէմի հայոց թաղը:
Հիւրերը ծաղիկներ յանձնեցին՝ վերջին օրերուն յարձակման ենթարկուած Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան երկու անդամին:

ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէք Սալըվըն եւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ։ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ մէկ կողմէ կը դիմագրաւուին լուրջ տարակարծութիւններ, իսկ միւս կողմէ երկխօսութեան ջանքեր կը գործադրուին։

ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻՆ ԶԵՏԵՂՈՒԵՑԱՒ

Շաբաթավերջին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը, որով պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի՝ յետմահու զետեղուած կիսանդրիին։ 22 մայիսը Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան տարեդարձի օրն է։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԺՈՂՈՎ ՄԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէ խախտումով ծնունդ առած տագնապը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները այս կապակցութեամբ կը շարունակեն պարբերական յայտարարութիւններով հանդէս գալ եւ վերջին մանրամասնութիւնները տեղեկացնել իրադրութեան կապակցութեամբ։

«ԿԱՆԽԱՀԱՍ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ՏԵՂԻ ՉՈՒՆԵՆԱԼ»

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութենէն «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը։ Սա այս կուսակցութեան երրորդ համագումարն էր, որ տեղի ունեցաւ 20 յունիսին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ։ 

ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ԾԵԾԿՌՏՈՒՔ

Վրաստանի մայրաքաղաքը՝ Թիֆլիզի մէջ շաբաթավերջին զանգուածային ծեծկռտուք մը տեղի ունեցաւ ատրպէյճանցիներու եւ քիւրտերու միջեւ։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը այս մասին մանրամասնութիւններ տեղեկացուց՝ Ատրպէյճանի լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն հիման վրայ։

Էջեր