Լրահոս

ԼԻԲԱՆԱՆ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ, ԴԷՊԻ ՓԼՈՒԶՈ՞ՒՄ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ, որ ահազանգային կոչով մը հանդէս եկաւ ու խօսք ուղղեց «մեծ պետութիւններ»ուն՝ արագօրէն միջամտել եւ օգնել Լիբանանին։ Ան յաւելեց նաեւ, որ եթէ անոնք արագ չշարժին, վաղը ուշ կրնայ ըլլալ...։

ԱՆԿՈՒՄԸ ԿԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐՈՒԻ

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեան յայտնեց, որ այս տարի երկրէն ներս տնտեսական աճի աւելի բարձր ցուցանիշ մը պիտի ըլլայ՝ քան կանխատեսուած 1.4 տոկոսը։ Ըստ իրեն, տնտեսական աշխուժութիւնը առաջին եռամսեակին կանխատեսուածին չափ անկում չէ ունեցած։

ՄԱԷՍԹՐՕ ՕՐԲԵԼԵԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ՕՓԵՐԱՅԻ ՏՆՕՐԷՆ ՈՒ ԽՄԲԱՎԱՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ

Հայաստանի Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի տնօրէն ու գեղարուեստական ղեկավար Կոնստանդին Օրբելեան նշանակուեցաւ Նիւ Եորքի քաղաքային օփերայի երաժշտական տնօրէն ու խմբավար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիւ Եորքի օփերայի պաշտօնական կայքը արդէն հաղորդած է այս լուրը՝ ընդգծելով, որ մաէսթրօ Օրբելեանի մասնակցութեամբ առաջին օփերան՝ նոր շունչ ստացած «Ռիկոլեթթօ»ն պիտի ներկայացուի օգոստոսի 29-ին։

ԳԵՐԵՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած։ Երէկ մտահոգութիւնները ա՛լ աւելի խորացան, որովհետեւ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ դարձեալ հայ զինուոր մը գերեվարուեցաւ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները օրուայ սկիզբին տեղեկացուցին, որ զինեալ ուժերու N զօրամասի պայմանագրային շարքայիններէն Ա. Քաթանեան մշուշի հետեւանքով ապակողմնորոշուած է ու ակամայ յայտնուած՝ այն տարածքէն ներս, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ կը գտնուի։

ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ֆրանսական հեղինակաւոր «Dior» նորաձեւութեան տան նոր հաւաքածոյի ցուցադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ Աթէնքի «Փանաթինաիքոս» մարզադաշտին մէջ, կը յայտնէ «Greek City Times» թերթը։ Այսպէս, յունիսի 17-ին ֆրանսական նորաձեւութեան տունը «Փանաթինաիքոս» մարզադաշտը կը վերածէ «փոտիումի»՝ ներկայացնելով  նոր «Քրուազիէր 2022» հաւաքածոն, որ կը կրէ յունական ազդեցութիւն եւ նուիրուած է Յունաստանի անկախութեան շարժման 200-ամեակին։

ՄՇՏԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Փարիզ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։ Ընկերային ցանցերու միջոցաւ տեղեկացուեցաւ, որ նախարարները կանգ առած են երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին վրայ, նաեւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցած՝ տարածքաշրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններու շուրջ։

ԱՆԻ ՔԻՒՐՏԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ՄԸ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի յայտնի դէմքերէն Անի Քիւրտեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ արժանացած է պարգեւի մը։ Ան «Բարութեան եւ առաջնորդութեան մրցանակաբաշխութեան» շրջանակին մէջ ստացած է յուշանուէր մը։

Էջեր