ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐ ԵՒ ՈՉ-ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐ
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Անցեալ տարուայ նոյեմբերին գրած էի, որ հիմա նոյնիսկ չորրորդ դասարանի աշակերտը կը հասկնայ, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը յարձակին Սիւնիքի վրայ։ Անմիջապէս պարզուեցաւ, որ կը սխալէի. բազմաթիւ հասուն մարդիկ ինձ կ՚առարկէին, որ նման բան տեղի չ՚ունենար՝ մենք ՀԱՊԿ-ի անդամ ենք, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի դէմ ոտնձգութիւնը կը նշանակէ Ռուսաստանի դէմ ոտնձգութիւն եւ այլն։
Գրիգորեան. «Սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներու սկիզբէն առաջ Ատրպէյճանի զօրքերը պէտք է դուրս գան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն»:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ռէյքաւիքի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որու ընթացքին անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։
Եւրոխորհրդարանը երէկ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ տարեկան զեկոյցը։ Ըստ Պրիւքսելէ հաղորդուած լուրերուն, այս տեղեկագրին մէջ տասնհինգ տարի վերջ առաջին անգամ կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի Անգարա 1915 թուականի դէպքերը ճանչնայ՝ որպէս ցեղասպանութիւն։
Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը։ «Արուե՞ստ, թէ գիտութիւն. երեք վերականգնուած կտաւի պատմութիւն. Բաշինջաղեան, Կոջոյեան, Սարեան» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը գեղարուեստասէրներու հետաքրքրութեան առարկայ դարձաւ զուգադիպելով նաեւ Թանգարաններու միջազգային օրուան։
Արարատեան դաշտի արթեզիէն աւազանի մակարդակը իջած է շուրջ 67 տոկոսով, զանազան համայնքներ կը դիմագրաւեն հարցեր:
Մահացաւ արժանթինահայ յայտնի երգահան եւ խմբավար Ժան Ալմուխեան: Ան ծնած էր 1932 թուականին, Յունաստան, 1947 թուականին ընտանիքով հաստատուած էր Արժանթին: Ուսած էր Արժանթինի ականաւոր վարպետներուն մօտ:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը նշուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։ Մեծն Աթաթիւրքի Սամսուն ելքի 102-րդ տարեդարձը առիթ դարձած է, որ ամբողջ երկիրը համակուի տօնական բարձր տրամադրութեամբ, հակառակ համաճարակի մթնոլորտին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան կը կրկնէ բանակցութիւններէն դրական արդիւնքի ցանկութիւնը՝ խաղաղ լուծման համար: