ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԸ ՄՏԱՀՈԳԻՉ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տխուր պատկեր էր այն ինչ, որ կատարուեցաւ երէկ առաւօտ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, կառավարութեան շէնքի գլխաւոր մուտքին դիմաց։ Ոստիկանութիւնը, որ ընդդիմութեան հաւաքին զգօն կերպով կը հետեւէր, վերջին պահուն, չես գիտեր ի՛նչ տրամաբանութեամբ եւ դատապարտելիօրէն՝ ուժ գործադրեց բողոքի մասնակիցներուն դէմ։
Լեւոն Տէր-Պետրոսեան նախընտրական քարոզարշաւին հանդէս կու գայ պետական գործիչի յարիր. «Պիտի գայ այն օրը, երբ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ պիտի ունենանք բարիդրացիական յարաբերութիւններ»:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը երբեք չի թուլանար։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը Հայաստանի՝ Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածէն ներս փորձած են ճարտարագիտական աշխատանքներ իրականացնել։
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն համագործակցութեան պայմանագիր մը կնքուեցաւ «Զբօսաշրջութեան եւ քաղաքաշինութեան» (TUF) բարեգործական հիմնադրամին եւ «World Media&Events»ին միջեւ՝ Հայաստանէ ներս զբօսաշրջութեան ոլորտի, համապատասխան ենթակառուցուածքներու եւ մասնագէտներու կորողութիւնները զարգացնելու առաջադրութեամբ:
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Երկիր Նայիրի» վէպի ստեղծման 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկ մը։ Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի երդիքին տակ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որու շրջանակին մէջ բացուեցաւ ցուցահանդէս մը։
Հայաստանի Հանրային ռատիոյի եւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ վերջերս կեանքի կոչուեցաւ նոր սերունդին ուղղեալ հետաքրքրական ծրագիր մը։ «Հեքիաթ միասին» կոչուած նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը, որու շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ խանդավառ պայմաններու ներքեւ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Այսօր երեկոյեան կը սկսի Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութիւնը։ «Եւրօ 2020»ը տարի մը յապաղումով կ՚իրականանայ՝ քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով։
Թուրքիա-Ռուսաստան քաղաքական խորհրդակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղէն ներս ստեղծուած իրադրութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ շաբաթ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ պիտի այցելեն Շուշի։ Երէկ, ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովի ընթացքին նախագահ Էրտողան հանդէս եկաւ ծաւալուն ելոյթով մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ յառաջիկայ շաբթուան մէջ նախատեսուած երկու կարեւոր ուղեւորութիւններու։