ԻՐԱՆ ՉԻ ՀԱՆԴՈՒՐԺԵՐ
Իրանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ապպաս Արաքչի յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ Թեհրանի նախաձեռնութեան նպատակն է հակամարտութիւնը կարգաւորել տարածքաշրջանային համագործակցութեան միջոցաւ։ Ան շաբաթավերջին աւարտեց իր ուղեւորութիւնը՝ դէպի Պաքու, Մոսկուա, Երեւան եւ Անգարա։
Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի։ Ամէն օր քիչ մը աւելի մտահոգիչ լուրեր կը հասնին հակամարտութեան գօտիէն։ Երէկ, հայկական կողմը ահազանգ հնչեցուց, որ Ատրպէյճան սկսած է օգտագործել զանազան զէնքեր, որոնք կը պարունակեն ֆոսֆոր։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր նամակ մը ուղարկեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ մանրամասն ներկայացնելով Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը եւ յառաջացած մարտահրաւէրները։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան որոշած են կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գալ Արցախի լայնածաւալ պատերազմի առկայ մթնոլորտին մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահներ՝ Արքատի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի ջանքերով հասունացուած ծրագիր մըն է այս մէկը։
ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը կրնայ դարձեալ քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Վասիլի Նեպենզիա յայտնեց, որ եթէ հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը սրուի, ապա նոր քննարկում մը տեղի կրնայ ունենալ։
Եգէականի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ սաստիկ երկրաշարժ մը, որու հետեւանքով մեծ ցնցում մը յառաջացաւ Իզմիրի մէջ։ Ռիխթերեան չափանիշով 6.9 սաստկութեամբ այս երկրաշարժը աւերներ գործեց նաեւ Յունաստանի մէջ։
Արցախի լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի խոր մտահոգութեան պատճառ դառնալով եւ մարդասիրական սոսկալի աղէտի մը ծանր ու ցնցիչ դրսեւորումներով:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հերթական հեռախօսազրոյց մը ունեցան՝ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Իլհամ Ալիեւ երէկուան զրոյցի ընթացքին շնորհաւորեց Հանրապետութեան տօնը։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար պէտք է հաւասարակշռութիւն մը գտնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի շահերուն միջեւ։