ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի կողմէ նախատեսուած օժանդակութեան առաջին խմբաքանակը հասաւ Լիբանան:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Արամ Ա. Կաթողիկոս հեռախօսազրոյց մը ունեցան: Զարեհ Սինանեան այցելեց Պէյրութ:
Հայաստանի կողմէ նախատեսուած օժանդակութեան առաջին խմբաքանակը հասաւ Լիբանան:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Արամ Ա. Կաթողիկոս հեռախօսազրոյց մը ունեցան: Զարեհ Սինանեան այցելեց Պէյրութ:
Լիբանանէն ներս ստեղծուած առկայ իրավիճակին մէջ ո՞վքեր կը շահին եւ ո՞վքեր կը կորսնցնեն. Անգարա ուշադիր:
Ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի տեսակէտէ բեկումնային փուլի մը կրնայ վերածուիլ այս դէպքը: Սաատ Հարիրիի առջեւ նոր հորիզոններ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հետ։ Այս առթիւ քննարկուեցան Պէյրութի մէջ պատահած հուժկու պայթումի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ լիբանանահայ համայնքի հետ կապուած խնդիրները։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) արդէն շարժման անցած է Լիբանանի հայութեան օժանդակութիւն փութացնելու համար։ ՀԲԸՄ-ի աղբիւրները երէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւնով մը տեղեկացուցին, որ աշխարհատարած կազմակերպութիւնը թափով կը լծուի լիբանանահայութեան ի նպաստ օգնութեան աշխատանքներու։
Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ ներկայացուց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ 56 հազար 726 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1185 նոր վարակեալ։
Երեւանի մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ քաղաքապետարանի շէնքերը երէկ գիշեր լուսաւորուեցան Լիբանանի դրօշակով՝ որպէս զօրակցութեան նշան Պէյրութի ահաւոր պայթումին յաջորդած առկայ ցնցումի մթնոլորտին մէջ։ Այս դէպքին զոհ գացած է 157 հոգի, որու 11-ը հայ է։ Արդէն յայտնի են լիբանանահայ զոհերու անունները. Տելիա Կէտիկեան-Յակոբեան, Ճեսիքա Պէզճեան, Շանթ Յակոբեան, Նազար Նաճարեան, Անահիտ Պէրպէրեան, Ժագ Պարամաքեան, Ալիս Պալեան-Տէկիրմենճեան, Լիզա Գաւուքճեան-Կէօզիւպէօյիւքեան, Կայա Ֆուտուլեան, Վարուժ Թոսունեան եւ Սարգիս Թեքիլեան:
Լիբանանին հրատապ օգնութիւն փութացնելու հրամայականը միջազգային ընտանիքի օրակարգին վրայ։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ զօրակցութեան այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա կը շարունակէ մտահոգիչ պատկեր մը պարզել։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց երկրի վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Երկրաշարժի համազօր պայթումը ծայր աստիճան տագնապահար վիճակի հասցուց երկիրը իբրեւ պետութիւն եւ իբրեւ հասարակութիւն: Անկախ պայթումի բուն շարժառիթներուն յայտնաբերումէն, յետցըն-ցումային նոր իրավիճակ պիտի ստեղծուի նաեւ քաղաքական հարթութեան վրայ:
Պելժիոյ մէջ զբօսաշրջիկներուն կ՚առաջարկուի հանգստանալ ծառերու վրայ տեղակայուած «կաթիլանման վրաններու մէջ»։
Պելժիոյ Լիմպուրկ նահանգին մէջ զբօսաշրջիկները կրնան ծառերու վրայ տեղակայուած «կաթիլանման վրաններու մէջ» հանգստանալ։