ԻՆՔՆԱՏԻՊ ՈՒ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ԳՈՐԾԵՐ
Ճաբոնցի նկարիչը տերեւները կը վերածէ արուեստի ինքնատիպ ու տպաւորիչ գործերու։ Այսպէս, ճաբոնցի նկարիչը, որ Instagram-ի մէջ հանդէս կու գայ Lito Leaf art անունով, տերեւներու միջոցով արուեստի ինքնատիպ ու տպաւորիչ գործեր կը ստեղծէ։
Աշխարհի ամենափոքր Ռուպիկի խորանարդը ստեղծուած է Ճաբոնի մէջ: Ալիմինիումէ Ռուպիկի խորանարդը կը կշռէ միայն 2 կրամ:
Չինաստանի մէջ հաւ մը կանաչ նախշաւոր հաւկիթ ածած է։ Այսպէս, Չինաստանի Սուցիան քաղաքին մէջ հաւ մը կանաչ նախշաւոր հաւկիթ մը ածած է։
Արցախի ճակատին վրայ երէկ գիշեր բոլոր ուղղութիւններով ընթացան սաստիկ մարտերը, որոնք այս օրուան սկիզբին ալ շարունակուեցան՝ միշտ ծանր հետեւանքներով:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի լայնածաւալ բախումներու մթնոլորտին մէջ երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնը։ Առկայ պատերազմական գործողութիւններու մթնոլորտին մէջ անոնք ընդգծեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը այլ լուծում չունի՝ քան խաղաղ կարգաւորումը։
Հայաստան հաղորդեց, որ իր օդային մարզէն ներս թրքական F-16 մը խոցած է հայկական զօրքերու ռազմաօդանաւ մը, որու օդաչուն ալ զոհուած է. Թուրքիա հերքեց լուրերը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը դռնփակ նիստով մը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին: