ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ
Ռուսաստանի դիրքորոշումը կը բիւրեղացուի Սերկէյ Լաւրովի կողմէ. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը անկարելի է ձգձգել։ Երբ կը խօսինք ձեւաչափերու անփոփոխութեան մասին, մենք նաեւ կը հաստատենք կարգաւորման ապագայ գործողութիւններու նկատմամբ հաւատարմութիւնը՝ հիմք ընդունելով մշակուած սկզբունքները։ Անգարա կ՚աջակցի Մոսկուայի, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն»:
Մնացականեան. «Միայն կրակի ամբողջական դադարումէն վերջ կրնանք բոլոր հարցերու մէջ արդիւնաւէտ յառաջ երթալ։ Ատրպէյճան դարձած է տարածքաշրջանէ ներս միջազգային ահաբեկչութեան օճախ»:
Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդիպում:
Հայկական կողմը Արցախի պատերազմական գործողութիւններու մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ հրապարակել նոր նահատակներու անուններ։ Ցայսօր պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ զոհուած հայ զինուորներու թիւը արդէն անցած է 500-ի շեմը (532)։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ։ Հայաստանի կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ անմիջական աջակցութիւնով սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին։
Արցախի հրատապ իրադարձութիւնները համայն հայութեան ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուած են։ Սփիւռքի զանազան հայաշատ կեդրոններէն ներս կը կատարուին ցոյցեր՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի եւ Հայաստանի։
Արցախի ճակատին վրայ միշտ լարուածութիւն. Կարմիր խաչը տեղեկացուց, որ հրադադարի պահպանման կանոնները բաւարար չեն՝ գործողութիւններու սկսելու համար: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակ կրակ եւ արցունք:
Արցախի պատերազմի մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ փոխանցուած պատգամներուն մէջ հետզհետէ աւելի ընդգծեալ ձեւով կ՚արտայայտուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ակնկալութիւնը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հարցազրոյց մը տուաւ գերմանական ZDF հեռուստակայանին։
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ այցելութիւն մը տուաւ այն ռուս լրագրողին, որ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծման ժամանակ վիրաւորուած էր ծանրօրէն։ Արցախի մէջ վիրահատուելէ վերջ վիրաւորեալ ռուս լրագրողը արդէն փոխադրուած է Երեւան, ուր ապաքինման փուլի մէջ կը գտնուի։
Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ երկու շաբթուան լայնածաւալ պատերազմի ծանր պայմաններուն ներքեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցաւ առաջին ուղղակի շփումը: