ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՃԵԼԻ ԺԱՄԱՆՑ
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ հայկական կողմը միշտ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ մանուկներն ու պատանիները։ Պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով՝ մասնաւորապէս խաղաղ բնակավայրերու թիրախաւորման բերումով, Արցախէն բազում ընտանիքներ ժամանակաւորապէս տեղափոխուած են Հայաստան։
Ժընեւի համալսարանի նեարդակենսաբանները պարզած են, որ 15 վայրկեան տեւողութեամբ հեծանիւով շարունակական մարզումը կրնայ բարելաւել յիշողութիւնը ու օգնել ձեռք բերել նոր հմտութիւններ։ Հետազօտութեան արդիւնքները կ՚ապացուցէ, որ մարզանքը օգտակար է ոչ միայն ֆիզիկական, այլեւ հոգեկան առողջութեան համար։
Սննդաբանները խորհուրդ կու տան հրաժարիլ շաքարով թէյէ։ Այսպէս, թէյը ամենատարածուած ըմպելիներէն մէկն է, որ շատեր կը խմեն ամէն օր ու բաւական մեծ չափաբաժինով։
ՄԱԿ-ի մարդու իրաւանց հարցերով գերագոյն յանձնակատար Միշել Պաչալեթ մտահոգութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինեալ հակամարտութեան ընթացքին բնակելի շրջաններու վրայ գործուած անխնայ յարձակումներուն առընչութեամբ։ Ան նախազգուշացուց, որ նման գործողութիւնները կրնան ինքնին ռազմական յանցագործութիւններ ըլլալ։
Վլատիմիր Փութին վերջին օրերուն իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ հանգամանօրէն քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ հարցեր: Մոսկուա կը շարունակէ անմիջական շփման մէջ մնալ Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարութիւններուն հետ:
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի ծանրածանր հետեւանքներով։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները երէկ օրուայ մէջ հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի բանակը հանգուցային երկու դիրքերու ուղղութեամբ իրականացուցած է յարձակումներ, որոնք չէզոքացուած են։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի շփումները կը շարունակեն առանցքային նշանակութիւն ներկայացնել։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակէ միջազգային բեմահարթակի վրայ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Վերջին օրերուն Պերլինի մէջ բարձր մակարդակի վրայ քննարկում մը տեղի ունեցաւ այս տագնապին շուրջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ նախագահական ընտրութիւն։ Անխուսափելի թեկնածուներն են՝ այժմու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ նախկին փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն։
Վիեննայի մէջ երէկ երեկոյեան ահաբեկչական սահմռկեցուցիչ դէպք մը տեղի ունեցաւ։ Աւստրիոյ մայրաքաղաքի սրտին վրայ հազարաւորներ մնացին փամփուշտներու տարափի տակ։