Լրահոս

ՄՆՋԱԽԱՂԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ Լէոնիտ Ենգիբարեանի անուան մնջախաղի միջազգային 7-րդ փառատօնի աւարտը:
«Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ փակման հանդիսաւոր արարողութեան ցուցադրուեցաւ «Ֆորմա» թատերախումբի «Վայ-վայ» ներկայացումը:

ՇԻՆԻՉ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ քննարկուեցաւ երրորդ երկիրներուն զէնքի վաճառքի կանոնակարգման հարցը:
Փաթրուշեւի Հայաստան այցելութեան ժամանակ կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային անվտանգութեան շուրջ:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻ ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԸ

Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ռուտոլֆօ Նին Նովոա վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Այս այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հրաւէրին ընդառաջ։

ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆԻ ՄԱՐՄԻՆԸ ՊԻՏԻ ԱՄՓՈՓՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները երէկ առաւօտ տեղեկացուցին, որ նորոգ հանգուցեալ պատմաբան Վահագն Տատրեանի մարմինը պիտի ամփոփուի Երեւանի մէջ։ Ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան, Փրոֆ. Վահագն Տատրեան կը վայելէր միջազգային հեղինակութիւն եւ անկոտրուն պայքար մը մղած էր արդարութեան, Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացման ուղղութեամբ։

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Լոս Անճելըս։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ յառաջիկայ սեպտեմբերի 22-ին, Լոս Անճելըսի ժամով 16.00-ին, Նիկոլ Փաշինեան ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ տեղւոյն «Կրենտ Փարք»ին մէջ։

ՀՍԿԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՆ

Գործարար Վարդան Սրմաքէշի մեծ ներդրումով Շիրակի մարզէն ներս արդիւնաբերութեան նոր կառոյց մը:
Մարալիկի բամպակի մշակման գործարանը սկսած է վերագործարկուիլ՝ փայլուն ապագայ խոստանալով Կիւմրիի համար: Բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Հումքը կը ներածուի Թիւրքմենիստանէն, իսկ արտադրութիւնը կ՚արտածուի դէպի Ռուսաստան՝ ներքին սպառման առընթեր:

ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԻՇՏ ՎՃՌԱԿԱՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Եփրատի արեւելքը ի գին ամէն ինչի պիտի մաքրագործուի ահաբեկիչներէ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու ըսաւ. «Ինչպէս որ Աֆրինը մաքրուեցաւ, ինչպէս որ Ճերապլուսը մաքրուեցաւ ԻՇԻՊ-ականներէ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում), այնպէս ալ Եփրատի արեւելքը պիտի մաքրագործենք ԵՓԿ-էն եւ ՓՔՔ-էն»։

Էջեր