ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ. «ԲԱՑԻ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆԷՆ, ՄՆԱՑԵԱԼ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐԸ ԿԸ ՏԱՆԻՆ ԴԷՊԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՓԱԿՈՒՂԻ»
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային բացի բանակցայինէն միւս ճանապարհները կը տանին դէպի պատմական փակուղի։ Ռուսական հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտնեց, որ հայերը յամենայնդէպս լաւատես ու ճիշդ մտածող ժողովուրդ են։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ, որոնց վերջնական արդիւնքը տակաւին յայտնի չէ։ Այժմու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ առաջադրուած էր հանրապետականներուն կողմէ եւ նախկին փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն, որ առաջադրուած էր դեմոկրատականներու կողմէ ՝ երէկ ներկայացան Միացեալ Նահանգներու ընտրողներուն։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ հայկական կողմը միշտ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ մանուկներն ու պատանիները։ Պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով՝ մասնաւորապէս խաղաղ բնակավայրերու թիրախաւորման բերումով, Արցախէն բազում ընտանիքներ ժամանակաւորապէս տեղափոխուած են Հայաստան։
Ժընեւի համալսարանի նեարդակենսաբանները պարզած են, որ 15 վայրկեան տեւողութեամբ հեծանիւով շարունակական մարզումը կրնայ բարելաւել յիշողութիւնը ու օգնել ձեռք բերել նոր հմտութիւններ։ Հետազօտութեան արդիւնքները կ՚ապացուցէ, որ մարզանքը օգտակար է ոչ միայն ֆիզիկական, այլեւ հոգեկան առողջութեան համար։
Սննդաբանները խորհուրդ կու տան հրաժարիլ շաքարով թէյէ։ Այսպէս, թէյը ամենատարածուած ըմպելիներէն մէկն է, որ շատեր կը խմեն ամէն օր ու բաւական մեծ չափաբաժինով։
ՄԱԿ-ի մարդու իրաւանց հարցերով գերագոյն յանձնակատար Միշել Պաչալեթ մտահոգութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինեալ հակամարտութեան ընթացքին բնակելի շրջաններու վրայ գործուած անխնայ յարձակումներուն առընչութեամբ։ Ան նախազգուշացուց, որ նման գործողութիւնները կրնան ինքնին ռազմական յանցագործութիւններ ըլլալ։
Վլատիմիր Փութին վերջին օրերուն իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ հանգամանօրէն քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ հարցեր: Մոսկուա կը շարունակէ անմիջական շփման մէջ մնալ Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարութիւններուն հետ:
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի ծանրածանր հետեւանքներով։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները երէկ օրուայ մէջ հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի բանակը հանգուցային երկու դիրքերու ուղղութեամբ իրականացուցած է յարձակումներ, որոնք չէզոքացուած են։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի շփումները կը շարունակեն առանցքային նշանակութիւն ներկայացնել։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակէ միջազգային բեմահարթակի վրայ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Վերջին օրերուն Պերլինի մէջ բարձր մակարդակի վրայ քննարկում մը տեղի ունեցաւ այս տագնապին շուրջ։