ԱՐԹՈՒՐ ՎԱՆԵՑԵԱՆ ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԵՑԱՒ
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) նախկին պետ Արթուր Վանեցեան վերջին օրերուն հարցաքննուեցաւ Երեւանի մէջ։ Ան ներկայիս կը գլխաւորէ «Հայրենիք» ընդդիմադիր կուսակցութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արթուր Վանեցեանի հարցաքննութիւնը կատարուած է ԱԱԾ-ի կողմէ։
Իսրայէլի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սմբատեան երէկ այցելեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան։ Սա Իսրայէլի իշխանութիւններուն մօտ հաւատարմագրուելէ վերջ դեսպան Արմէն Սմբատեանի առաջին այցելութիւնն էր։
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու համատեղ լայնածաւալ զօրավարժութիւնները արդէն սկսան. Հայաստան ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան խումբ մը փոքրիկներու համար տեղի ունեցաւ շարժանկարի ցուցադրութիւն։ Ինչպէս ծանօթ է Կազդուրման կայանը այս տարի իր դռները չէ բացած քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա հերթական անգամ զգուշացումներով հանդէս եկաւ իսլամական աշխարհի «Քուրպան»ի տօնին ընդառաջ։ Ըստ նախարարին, թէեւ փողոց դուրս գալու սահմանափակումներ չեն նախատեսուած տօնական օրերուն, սակայն նախազգուշական միջոցներուն պէտք է հնազանդիլ՝ դէպքերու թիւի աճը կանխելու համար։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները ներկայիս կը նախատեսեն յառաջիկայ աշնան կազմակերպել 3+2 ձեւաչափով հանդիպում մը:
«Արեւմտահայերէնի կենսունակացման աշխատանքը կրնայ համակերպիլ սփիւռքեան այլազանութեան հետ»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Յունաց Պատրիարքը նախագահ Էրտողանին հեռաձայնելով շնորհակալութիւն յայտնած է՝ Սիւմելայի պատմական վանքի, Թրապզոն, յետվերանորոգութեան այցելութեան վերաբացման բերումով։