ԹԱԹԱ ՍՒՄՈՆԵԱՆԷՆ ՏԵՍԱՀՈԼՈՎԱԿ
Թաթա Սիմոնեան հոլովակ թողարկած է «3.33 ռեփ» խումբի հետ։ Այսպէս, Թաթա Սիմոնեան զարմացուցած է իր երկրպագուները՝ համատեղ հոլովակ ներկայացնելով «3.33 ռեփ» խումբի անդամներու՝ Ֆելիքս Խաչատրեանի եւ Նարեկ Յովսէփեանի հետ:
Թաթա Սիմոնեան հոլովակ թողարկած է «3.33 ռեփ» խումբի հետ։ Այսպէս, Թաթա Սիմոնեան զարմացուցած է իր երկրպագուները՝ համատեղ հոլովակ ներկայացնելով «3.33 ռեփ» խումբի անդամներու՝ Ֆելիքս Խաչատրեանի եւ Նարեկ Յովսէփեանի հետ:
Հնդկաստանի մէջ սկսած են վաճառել ադամանդներով պատուած պաշտպանիչ դիմակներ։ Այսպէս, Հնդկաստանի Սուրաթ քաղաքի ոսկերչական խանութներէն մէկը քորոնաժահրի տարածման ընթացքին սկսած է վաճառել ադամանդներով զարդարուած պաշտպանիչ դիմակներ, որոնց արժէքը 2-5 եւ աւելի հազար ամերիկեան տոլար է:
Ճոն Թրավոլթայի կինը՝ դերասանուհի Քելի Փրեստըն, մահացած է քաղցկեղէ։ Այսպէս, 57 տարեկան հասակին կրծքագեղձի քաղցկեղէ մահացած է դերասանուհի Քելի Փրեստըն: Այս կորուստի մասին իր ամուսինը՝ դերասան Ճոն Թրավոլթա, յայտնած է Instagram-ի մէջ:
Երկար ժամանակ մարդիկ կը փորձէին գտնել միջոց՝ զերծ պահելու համար դաժան վերաբերմունքէ կենդանիները, որոնց կաշին կ՚օգտագործուի նորաձեւութեան մէջ։
Ահա, կարծես թէ կաշիի էքօ այլընտրանքը արդէն իրականութիւն դարձած է:
Ֆրանսայի մէջ կը նախատեսուի բանալ ջուրի վրայ «շարժանկարի սրահ»։
Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ Սեն գետի վրայ պիտի բացուի ինքնատիպ շարժանկարի սրահ մը, որուն այցելուները կրնան շարժանկարները դիտել յարմարաւէտ նաւակներու մէջ նստած՝ պահպանելով ընկերային հեռաւորութիւնը:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած լարուածութիւնը հերթական անգամ միջազգային օրակարգի վրայ բերաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Հրադադարի խախտումները դատապարտուեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ։ ՄԱԿ կոչ ուղղեց, որպէսզի մարտական գործողութիւնները դադրեցուին։ Զօհրապ Մնացականեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Ատրպէյճանական բանակի՝ երէկ գիշեր շարժման անցած հրասայլ մը կրակով կասեցուեցաւ հայկական զօրքերու կողմէ։ Երեւանի ղեկավարութիւնը դիւանագիտական գետնի վրայ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ՝ Պաքուի արկածախնդրութեամբ ստեղծուած վտանգաւոր իրավիճակը պարզ դարձնելու համար ամենայն մանրամասնութեամբ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն ինչ, որ կատարուեցաւ Տաւուշի մէջ, ըստ երեւոյթին, դեռ երկար ժամանակով կրնայ զբաղեցնել հայկական օրակարգը։ Խօսքը, անշուշտ, միայն ռազմական գործողութեան մը, փոխադարձ հրաձգութեան մը եւ անոր յաջորդած՝ զիրար դատապարտող (Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ) հաղորդագրութիւններով չէ պայմանաւորուած։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Գերմանիայէն Հայաստան մեկնեցան մասնագէտներ:
ԵՄ-ի «Team Europe» ծրարի շրջանակներէն ներս գործուղղուած առաքելութեան աշխատանքները պիտի շարունակուին մինչեւ յուլիսի 24-ը:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ երէկ վերստին հրապարակեց վիճակագրական վերջին տուեալները։ Նախարար Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ միջին հաշուով շաբաթ մը առաջուան տուեալներու բաղդատմամբ օրական նոր դէպքերու թիւը վճռած են հազարի շեմէն վար իջեցնել։
Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ ժողով մը գումարեցին Պրիւքսելի մէջ։ Ժողովականները քննարկեցին Եւրոմիութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններու ընթացքը։