94-ԱՄԵԱՅ ՀՐԱՆՈՅՇ ՄԱՅՐԻԿԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵՑ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԸ
Հայաստանի մէջ քորոնաժահրով վարակուած երէց սերունդէ հիւանդ մը առողջացաւ, ինչ որ համաճարակի առկայ տխուր մթնոլորտին մէջ ուրախութեամբ ընկալուեցաւ հանրային կարծիքին կողմէ։ Այսպէս, բուժման բարեյաջող աւարտէն վերջ հիւանդանոցէն դուրս եկաւ 94-ամեայ Հրանոյշ մայրիկը։