ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ՄԷՋ ՆՈՐ ՊԱՇՏՕՆ
Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընտրուեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Կրթութեան միջազգային գրասենեակի խորհուրդի ղեկավար կոմիտէի նախագահ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համապատասխան որոշումը նախընթաց օր առնուեցաւ Ժընեւի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Կրթութեան միջազգային գրասենակի խորհուրդի ժողովը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի նոր կառավարութեան հայազգի անդամուհին՝ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը։ Հանդիպման ընթացքին նորանշանակ նախարարին ընկերացաւ Լիբանանի խորհրդարանի հայ երեսփոխաններու պլոքի պետը՝ Յակոբ Բագրատունի։
Հայաստանի ԱԱԾ-ի նախկին տնօրէնի աղմկայարոյց մահուան արձագանգները կը շարունակուին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ մասնակցեցաւ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին, նախընթաց օր Տաւոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան այս առթիւ մատնանշեց, որ Հայաստան ուշադրութեամբ կը հետեւի Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն։
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան երէկ երկրի խորհրդարանէն ներս յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ յառաջացած լարուածութեան կապակցութեամբ։ Իր խօսքով՝ Հայաստան չափազանց նրբանկատ է Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ծագած իրավիճակին առումով։ Արդարեւ, այս երկու երկիրներն ալ Հայաստանի տեսակէտէ ունին կարեւոր նշանակութիւն։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ կը մասնակցի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին, Տաւոսի մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Իզապել Մորէի հետ։ Այս վերջինը, միեւնոյն ժամանակ, կը գլխաւորէ Հայաստան-Զուիցերիա խորհրդարանական բարեկամութեան խումբը։
Հայաստանի կառավարութիւնը վարկատուներու հետ համագործակցութեան եզրեր կ՚որոնէ՝ հանրային բարիքի արդար բաշխման համար:
Յայտնի բանաստեղծուհիի թողած ժառանգը կ՚արժեւորուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աջակցութեամբ:
Յառաջիկային կը ծրագրուի ԹՈՒՄՕ-ի մասնաճիւղ մը բանալ Պերլինի մէջ: