INALCO-Ի ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան շնորհաւորեց Ժան-Ֆրանսուա Իւշէի նշանակումը եւ մաղթեց յաջողութիւններ։
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի գիտական ու կրթական հաստատութիւններու համագործակցութեան շուրջ զրոյց։
Դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան շնորհաւորեց Ժան-Ֆրանսուա Իւշէի նշանակումը եւ մաղթեց յաջողութիւններ։
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի գիտական ու կրթական հաստատութիւններու համագործակցութեան շուրջ զրոյց։
Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական գործունէութիւններու ծիրէն ներս։
Բանախօսներու ճառերէն վերջ գործադրուած գեղարուեստական յայտագիրը արժանացաւ բարձր գնահատանքի։
Եւրոմիութեան եւ Անգլիոյ միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի BREXIT-ը յետաձգուի մինչեւ հոկտեմբերի 31-ը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք տեղեկացուց, որ միութեան անդամ 27 երկիրներուն եւ Անգլիոյ մէջ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի BREXIT-ը յետաձգուի մինչեւ հոկտեմբերի 31-ը եւ այս կապակցութեամբ նախատեսուած է ճկուն յետաձգում մը։
Ճաբոնական երկարատեւ արշաւային ուղիներէն մինչեւ արժանթինեան ջրառատ անտառային շրջաններ՝ «Սի. Էն. Էն. Թրեւըլ»ը կազմած է արշաւային զբօսաշրջութեան լաւագոյն երթուղիներու ցանկը, որուն մէջ տեղ գտած են 23 վայր՝ հետիոտն զբօսանքներու համար: Ցանկին մէջ է նաեւ Հայաստանը:
Համացանցի անվտանգութեան 2018-ի համաշխարհային վարկանշային աղիւսակին վրայ Հայաստան յայտնուած է 79-րդ հորիզոնականին՝ անցած տարուան ցուցանիշին համեմատած 32 հորիզոնականով բարելաւելով իր դիրքը:
Վարկանշային աղիւսակը կազմած ատեն նկատի կ՚առնուի տուեալ երկրի հակուածութիւնը համացանցի անվտանգութեան, որուն ծիրին մէջ կը գնահատուին՝ օրէնսդրական դաշտը, թեքնիկ տուեալները, որակի բարձրացումը եւ գործակցութիւնը:
Ռուսաստանի «Համակարգչային եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ձեռնարկութիւններու ընկերակցութեան» եւ «Հայաստանի իրաւազօրութիւն» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ սկսաւ «IT-SUMMIT 2019» համաժողովը, որուն մասնակցելու համար Հայաստան եկած են տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ոլորտի աւելի քան 150 կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ՝ ղեկավարներ, մասնագէտներ եւ պետական կառոյցներու պաշտօնեաներ:
Հայաստանի վարչապետը վաղը ելոյթ մը պիտի ունենայ ԵԽԽՎ-ի գարնան նստաշրջանի լիագումար նիստին:
Նիկոլ Փաշինեան. «Երեւան կ՚առաջարկէ վերականգնել ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ձեւաչափը»:
Հայաստանի եւ Փորթուգալի նախագահները քննարկեցին երկու երկիրներու գործակցութեան հեռանկարները:
Արմէն Սարգսեան այցելեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կեդրոնը՝ հիւրընկալուելով ղեկավարութեան կողմէ:
Մեծանուն երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան օրը, յունիսի 6-ին, Երեւանի մէջ սկիզբ առնող Խաչատուրեանի 15-րդ միջազգային մրցոյթին պիտի մասնակցի աշխարհի տասներկու երկրի երեսուն երաժիշտ։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին կը տեղեկացնեն «Արամ Խաչատուրեան-մրցոյթ» մշակութային հիմնադրամէն:
Հայաստան կը դառնայ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանի առաջին երկիրը, որ բժշկական շտապօգնութեան ուղղաթիռ կ՚օգտագործէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Armenian Helicopters-ի ընկերութեան ղեկավարներէն Արամ Աբովեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ հետեւեալը. «Հայաստանի մէջ շատ են դժուարանցելի ճանապարհները, որովհետեւ լեռնային երկիր մըն է այս իսկ պատճառով ուղղաթիռը միակ յարմար փոխադրամիջոցն է հիւանդ մարդը շատ կարճ ժամանակի մէջ զանազան մարզերէն Երեւան փոխադրելու համար։