Լրահոս

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Աշխարհասփիւռ հայութեան ընդհանրական հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսը վաղը Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութիւնը պիտի փոխանցէ իր հաւատացեալ հօտին։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, այս անգամ եւս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակները հետաքրքրութեամբ կը սպասեն Վեհափառ Հայրապետի պատգամին։

ԿԱՍՊԻՑ ԾՈՎՈՒ ՀԱՄԱՐ ԺՈՂՈՎ

Կասպից ծովու եզերակից երկիրներու պաշտօնատարները յառաջիկայ շրջանին ժողով մը պիտի գումարեն Աստանայի (Նուրսուլթան) մէջ։ Ղազախիստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Կասպից ծովու Բարձր մակարդակի աշխատանքային խումբի երկրորդ ժողովին պիտի մասնակցին ափամերձ հինգ երկիրներու ներկայացուցիչները։

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԿՈՂՄԸ ՅԱՋՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ հրաւէր ուղղած է, որպէսզի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի յաջորդ հանդիպումը տեղի ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Այս մասին Էլմար Մամետեարով տեղեկացուց յայտարարութիւնով մը եւ աւելցուց, որ ամերիկացի պետական քարտուղարը ջանքեր պիտի գործադրէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին բերելու համար իր նպաստը։

ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Մարիէլ տը Սարնեզիի հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան միջազգային եւ տարածքաշրջանային բնոյթով շարք մը հրատապ հարցերու շուրջ։

Էջեր