ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ, ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս երէկ երեկոյեան թեկնածուներէն՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ժողովուրդի հետ խանդավառ հանդիպում մը ունեցաւ Սամաթիոյ մէջ։ Նորին սրբազնութեան ժողովուրդի հետ այս հանդիպումը արձանագրեց բացառիկ յաջողութիւն։ Երեկոյթը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ գլխաւորուած մանիշակագոյն շարժումի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանրահաւաք մըն էր եւ այս առումով պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս ցարդ կազմակերպուած հաւաքոյթներու ամենայաջողն ու ամենաոգեւորը կը համարուէր։
Հայաստանի վարչապետը մասնակցեցաւ Փարիզի խաղաղութեան երկրորդ համաժողովին. «Ոեւէ մէկը մեզի հետ չի կրնար խօսիլ ուժի լեզուով»:
Ռուսաստանի արտաքին գործաց նախարարը խօսեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մասին:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի հերթական ժողովը:
Փաշինեան երէկ Էլիզէի պալատին մէջ մասնակցեցաւ պաշտօնական ընթրիքի. Մաքրոնի հետ ողջագուրում:
Սոյլու եւ Կիւլմէզկիլ շաբաթավերջին մէկուկէս ժամուան առանձնազրոյց մը ունեցան Իսթանպուլի մէջ:
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընթրիքի սեղաններու շուրջ մէկտեղուեցաւ պատգամաւորի թեկնածուներուն հետ:
Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 81-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։ Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան մէջ ան կը վերյիշուի մասնաւոր արարողութիւններով։
Թուրքիոյ պաշտօնական կառոյցներու օսմաներէն փաստաթուղթերը պիտի համախմբուին նոյն երդիքին տակ:
Նախարարներու ժողով. «Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան նոր քաղաքական տեսլականը»: