ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԼՈՒՐՋ ԴԵՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը՝ Ճոն Պոլթըն հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ մօտաւոր ապագային Հայաստան կատարելիք այցելութեան։ Պոլթըն ուղեւորութեան պիտի ձեռնարկէ դէպի Ռուսաստան եւ Հարաւային Կովկասի երկիրները՝ Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան։