ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒՆԻ ԱԶԱՏ ՀԱՄԱՑԱՆՑ
«Freedom House» մարդ-կային իրաւանց պաշտպանութեան կազմակերպութեան 2018 թուականի զեկոյցին համաձայն՝ համացանցի ազատութեան ցուցիչով (index) Հայաստանը «մասամբ ազատ»էն անցած է «ազատ» երկիրներու շարք: Արդիւնքները կազմուած են քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու հիման վրայ:
Հայաստանի Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան երէկ այցելեց «Բարի մամա» բարեգործական կազմակերպութեան կողմէ հովանաւորուած «Բարի տնակ» մանկական ժամանակաւոր կացարանը։ Նունէ Սարգսեան այս առթիւ ծանօթացաւ առանձնայատուկ առաքելութեամբ այս կառոյցի ընթացիկ գործունէութեան եւ զարգացման հեռանկարներուն։
Նոթրը Տամ տը Սիոն լիսէն մեծարեց իր յաջող շրջանաւարտուհիները, որոնք ներդրում կը բերեն գիտութեան:
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը հանդէս եկաւ նախազգուշացումներով՝ ընկերային ցանցերու վտանգներուն շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակեց Սրբազան Քահանայապետի պատգամը՝ Ընկերային հաղորդակցումներու համաշխարհային օրուան առթիւ։
Թուրքիա եւ Ռուսաստան լիարժէք փոխըմբռնումը պահպանելով կը դիտարկեն Սուրիոյ արիւնալի տագնապի կարգաւորման հեռանկարները:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը։ Ներկայ շաբթուայ սկիզբին պաշտօնի ձեռնարկած մշտական ներկայացուցիչը քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Գումգաբու, ուր ստացաւ ընդհանուր փոխանորդին օրհնութիւնը։
Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ դուրս եկաւ ՃՀՓ-ի շարքերէն։ Ինչպէս ծանօթ է, ան որոշած էր յառաջիկայ 1 մարտի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն վերստին թեկնածու ըլլալ Շիշլիի քաղաքապետի պաշտօնին համար։